ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ 130-ԱՄԵԱԿԸ
«Հայ դպրոցը. անցեալէն դէպի այսօր» խորագրեալ յոբելենական հանդիսութիւնը ցոլացուց մեր կրթական հաստատութիւններու բախտորոշ առաքելութիւնն ու դաստիարակչական կեանքի հարուստ աւանդութիւնները՝ ժամանակի եւ տարածութեան մէջ շեշտելով տուեալներ, նաեւ խորհրդանշական զուգահեռներով խոշորացոյցի տակ բերելով առկայ կացութիւնը, ընդգծելով մերօրեայ եւ ապագայ սերունդներուն ինքնութեան գոյատեւման մարտահրաւէրները:
Աշակերտները յայտագիրը յաջողութեամբ գործադրելէ վերջ ձեռնարկի աւարտին երգեցին «Ով մեծասքանչ»ը՝ կրելով պաստառներ, որոնց վրայ նշուած էին պոլսահայ այսօրուան վարժարաններուն անունները: