ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ
2017-2018 կրթական շրջանի վերամուտի սեմին, Պատրիարքական Աթոռի նախաձեռնութեամբ, կրթական մշակներու հաւաք Գումգաբուի մէջ:
Տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան շեշտը դրաւ լեզուի եւ կրօնի ուսուցման, եկեղեցի-դպրոց միասնականութեան կարեւորութեան վրայ:
Ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի գործիչներէն մին՝ Վարդգէս Ստեփանեան։ Յառաջացած տարիքի մէջ ան հրաժեշտ կ՚առնէ կեանքէն եւ իր կորուստը առիթ կը հանդիսանայ՝ որպէսզի վերյիշուի մօտաւոր անցեալին մեր հաւաքական կեանքէն ներս ծաւալած գործունէութիւնը։
Շիշլի մարզակումբի վարչութիւնը եւ Գնալը կղզիի ջրային մարզաձեւերու ակումբը անցեալ ամառ համագործակցաբար կազմակերպեցին ճատրակի մրցաշարք մը։ Իր տեսակին մէջ երրորդ այս մրցաշարքին եզրափակիչ հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթավերջին։ Բոլոր դասաւորումներու մէջ դափնեկիր դարձած ճատրակի խաղացողները ստացան պարգեւներ եւ վկայականներ։
«Հիւրրիյէթ» օրաթերթի սիւնակագիրներէն Ֆաթիհ Չեքիրկէ այսօր իր սիւնակին մէջ դրուատիքով արտայայտուած է մեր ծանօթ ազգայիններէն Ճեզօ Թաշի մասին։ Յօդուածագիրը այսօրուան իր գրութեան մէջ կեդրոնացած է Պիթլիսի վրայ, որու Ահլաթ գաւառակէն ներս ներկայիս պատմական դամբարան մը կը վերանորոգրուի՝ պեղումներու զուգահեռ։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ նշուեցաւ տեղւոյն Ներսէսեան դպրաց դասու տարեդարձը։ Այս դպրաց դասու հիմնադրութեան 160-րդ եւ վերակազմութեան 35-րդ կրկնակ տարեդարձներուն առթիւ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններ, որոնց նախագահեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
Գատըգիւղի Ս. Լեւոն հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նորոգ վախճանեալ Հայր Գասպար Վրդ. Պէյլէրեանի յուղարկաւորութիւնը։ Երկար տարիներ ան որպէս հոգեւոր հովիւ ծառայած էր այս եկեղեցւոյ մէջ եւ իր յուղարկաւորութիւնն ալ կատարուեցաւ նոյն երդիքին տակ՝ յընթացս Ս. Պատարագի։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեանն ու իր ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քահանայ Հերկելեան։
Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տարբեր առիթներով շարունակեց միջօրեայ Ս. Գրային սերտողութիւնները։
Անուշ Թրուանց կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Իսթանպուլի հայ համայնքի օրերը Հայաստանի մէջ» ծրագրի 2017 թուականի փուլը նշանաւորուեցաւ մաէսթրօ Ատրուշան Հալաճեանի սաներուն անմոռանալի ու գերազանց համերգով, որ ձօնուած էր Յովհաննէս Չեքիճեանի 90-ամեայ յոբելեանին եւ որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ կենդանի առասպել երաժիշտ մը՝ Տիգրան Մանսուրեան: