ԹՈՓԳԱԲՈՒՑԻՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Շանթ Չաքմաքճըն եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Մինաս Ա. Քհնյ. Ճիհանկիւլեան։ Խումբին միացած էր նաեւ թաղի պատուոյ ատենապետուհին՝ համայնքային յայտնի բարերարուհի Մոնիք Երկանեան։
Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ իր գործակից ընկերները շաբաթավերջի մատաղօրհնութեան ընդառաջ խմբագրատունս փութացին՝ բացատրութիւններ տալու համար թաղի ընդհանուր կացութեան, մասնաւորապէս Պէզճեան Մայր վարժարանի շուրջ։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պուլկարիոյ Շումէն քաղաքէն Պոլիս փութացած ուխտաւորներու խումբ մը։ Թէ՛ պուլկար եւ թէ պուլկարահայ ուխտաւորներէ բաղկացեալ այս խումբը դէպի Իսթանպուլ ուղեւորութեան օրերուն փափաքած էր այցելել Պատրիարքարան։
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին, Վարագայ Ս. Խաչի տօնին, Ս. Պատարագի մատուցմամբ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնով յիշատակուեցաւ երանաշնորհ Տ. Շահան Արք. Սվաճեան։
Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան եւ Սահակեան-Նունեան վարժարանի ի նպաստ սիրոյ սեղանին առթիւ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի սիրուած ու յար-գըւած դէմքերէն Արեգ Էրքման, որու անժամանակ կորուս-տը սուգի մատնած է թէ՛ իր ընտանիքը եւ թէ ընկերային շրջանակը։
Տ. Եզրաս Արքեպիսկոպոս Ներսիսեանի յատկանշական նուէրը՝ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ համար:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուն եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Ղալաթիոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց երեկոյեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Երիտասարդաց յանձնախումբի անդամները։ Նորին սրբազնութիւնը ուրախութիւն յայտնեց Պատրիարքարանի երդիքին տակ երիտասարդներու ներկայութեան համար։