ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՇԻՐԻՆՃԷ
Պէզճեան Մայր վարժարանի 8-րդ դասարանի աշակերտներուն համար վերջերս վարժարանի տնօրէնութեան կողմէ կազմակերպուեցաւ տարեվերջի պտոյտ մը։
Պէզճեան Մայր վարժարանի 8-րդ դասարանի աշակերտներուն համար վերջերս վարժարանի տնօրէնութեան կողմէ կազմակերպուեցաւ տարեվերջի պտոյտ մը։
Փոքրամասնութիւններու համար կատարուած բարեփոխումներուն բերումով թէեւ մեր բազում համայնքային կառոյցներ նիւթական նոր միջոցներ ձեռք բերելու հնարաւորութիւն կ՚ունենան, սակայն, դժբախտաբար, համայնքային ընդհանուր անկազմակերպ վիճակին հետեւանքով պոլսահայ կրթական կեանքէն ներս նիւթական անբաւարարութիւնները կը մնան առկայ։ Այս ամբողջին մէջ երկար ժամանակէ ի վեր Կեդրոնական վարժարանն ալ կը դիմագրաւէ նիւթական լուրջ անբաւարարութիւններ։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ երէկ առաւօտ սկսաւ տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ճատրակի աւանդական մրցաշարքը, որ 14-րդն է իր նմաններու շարքին։ Համայնքային միջնակարգերէ ճատրակի խումբերու մասնակցութեամբ տեղի կ՚ունենայ այս եռօրեայ մրցաշարքը
Շաբաթավերջին Մխիթարեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանգուցեալ նկարչուհի Քրիստին Սալերիի յիշատակին ձօնուած միջվարժարանային նկարչութեան մրցոյթի պարգեւաբաշխման արարողութիւնը։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանէն ներս շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ պալէի խանդավառ ձեռնարկ մը։ Այսպէս, համանուն սանուց միութիւնը անցեալ եղանակին Կարին Մարտիկեանի վերահսկողութեան ներքեւ կազմակերպած է պալէի դասընթացք՝ 22 փոքրիկներու մասնակցութեամբ։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթի փոքրերու կազմը շաբաթավերջին կազմակերպուած դաշտահանդէսով մը եզրափակեց ներկայ եղանակի աշխատանքը։ «Մարալ»ի շուրջ իննսուն փոքրիկները այս առթիւ մեկնեցան Սկիւտար՝ Գալֆաեան Տան ննջարանի բաժնի ընդարձակ պարտէզին մէջ զուարճանալու համար։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի տիկնանց կազմը երէկ հաստատութեան համակիր տիկիններուն համար կազմակերպեց նախաճաշի հաւաքոյթ մը։ Ֆլորիայի «Ուլուտաղ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ կանանց հաւաքոյթը, որ կազմակերպուած էր Մայրերու օրուան նախօրեակին։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ ընդունեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեանն ու իր ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։
Տատեան վարժարանի ընտանիքը վերջին օրերուն ընդունեց Երեւանէն խումբ մը հիւրեր։ Այսպէս, տատեանցիները հիւրը եղան Երեւանի «Մխիթար Սեբաստացի» կրթական համալիրէն ներկայացուցիչներ։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Մայրերու օրուան հանդէս մը։ Մանկապարտէզի փոքրիկներուն կողմէ պատրաստուած յայտագիրը մեծ ոգեւորութեան առիթ հանդիսացաւ դպրոցէն ներս։