ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ էքիւմենիք արարողութիւն մը, որուն հանդիսապետեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Այսպէս, այս արարողութիւնով եզրափակուեցաւ Եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբաթը։