ՏԱՏԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՊՏՈՅՏԸ՝ ԴԷՊԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Վերջին տարիներուն՝ Պագըրգիւղի Տատեան վարժարանի տնօրէնութիւնը կ՚ուզէ արտասահմանի վարժարաններու հետ աշխոյժ կապեր հաստատել ու մշակութային գործունէութիւններ ծաւալել։ Այս կապակցութեամբ բեղուն աշխատանք կը տանի վարժարանի գիտութեան ուսուցչուհի՝ Սիպել Արբաճըք:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը յայտարարութիւններ ըրաւ «Անատոլու» գործակալութեան:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ այս օրերուն Երեւան կ՚այցելեն մեր համայնքէն երկու արժէքաւոր արուեստագէտներ՝ մեներգիչ Արթիւր Պաղտասարեան (պարիթոն) եւ երգեհոնահար Էտվին Սրկ. Կալիպօղլու։ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ յառաջիկայ օրերուն Երեւանի մէջ նախատեսուած է անոնց համերգը։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեանն ու իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։
Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) հովանոցին տակ ստեղծուած «Թրքահայ վարժարաններու միութիւն» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ աշխատանքները կը հասուննան՝ Յարութիւն Շանլըի եւ Փրոֆ. Թորոս Ալճանի առաջնորդութեամբ եւ Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի զօրակցութեամբ:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը Անգարայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ բնապահպանութեան ու քաղաքաշինութեան նախարարին հետ:
Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան հանդիսապետեց Արամ Կիւլեիւզի թաղման կարգին:
Շաբաթավերջին Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցաւ Վաքըֆլըգիւղի խրախճանքը, որ վերջին տարիներուն դարձած է աւանդական։ Այս տարի հինգերորդ անգամ կազմակերպուեցաւ Վաքըֆլըգիւղի խրախճանքը Գնալը կղզիի վրայ եւ դարձեալ արժանացան անմիջական հետաքրքրութեան։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ անցեալ շաբաթավերջին եզրափակուեցաւ այն ձեռնարկներու շարքը, որ կեանքի կոչուեցաւ օգոստոսի վերջին շաբթուան տեւողութեան։ Օգոստոս ամսուան վերջին շաբթուան բոլոր օրերուն Գնալը կղզիի բարձունքին տեղի ունեցան մեր հաւաքական կեանքին, մեր մշակութային կեանքին տեսակէտէ յատկանշական զանազան ձեռնարկներ։
Երեւանի «Վան» դհոլահարներու համոյթի եւ Վանաձորի «Հորովել» մանկապատանեկան պարերու համոյթի անդամները՝ գլխաւորութեամբ իրենց ընդհանուր ղեկավար Արսէն Աւետիսեանի եւ գեղարուեստական ղեկավար Ալպերթ Օրտինեանի, երէկ այցելեցին Պատրիարքարան, ուր յանուն Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ընդունուեցան լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի կողմէ։