Թրքահայ կեանք

ՖԷՐԻԳԻՒՂՑԻՆԵՐՈՒ ԾՐԱԳԻՐԸ

Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Նուրհան Փալաքօղլուն եւ Մէրամէթճեան վարժարանի ծնողաց միութենէն Ժիւլիէթ Տեմիրճիօղլուն եւ Լինտա Չաղլըն։

«ՄԱՐԱԼ» ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ՝ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՊԱՐԻ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը երէկ երեկոյեան ելոյթ  մը ունեցաւ Ֆուլիայի գեղարուեստի կեդրոնին մէջ, որ կը գործէ Պէշիկթաշի քաղաքապետարանին առընթեր։

ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍ

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ այս տարուան շրջանաւարտներու հրաժեշտի արարողութիւնը։ 9-րդ դասարանի սաներուն համար վերջին զանգը հնչեց յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ։

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՏԱՏԵԱՆՑԻՆԵՐԸ ԱԽՈՅԵԱՆ

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ այս տարի չորրորդ անգամ կազմակերպուեցաւ միջվարժարանային ֆութպոլի մրցաշարք մը։ Թաքսիմ մարզակումբի անմոռանալիներէն Ալեքսան Տատեանի յիշատակին ձօնուած այս մրցաշարքը չորրորդն է իր նմաններու շարքին։

ՈՉ ԵՒՍ Է ՀՌԻՓՍԻՄԷ ՊԱՔԵԱՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երիցագոյն սերունդի նուիրեալ ու բազմաշխատ իգական սերունդի գործիչներէն Հռիփսիմէ Պաքեան։ Ան երկար տարիներ եղած է Գարակէօզեանի մեծ ընտանիքի սիւներէն եւ իր գուրգուրանքին, խնամքին առարկայ դարձուցած է այդ պատմական դպրոցի շեմէն սերունդէ-սերունդ անցած պատանիները։

ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՍՈՒԼԻՍԻ ԵՐԵԿՈՅԹ

Յայտնի արուեստագէտներ Ըթըր Էսէն եւ Հալտուն Պոյսան նախընթաց օր ասուլիսի մը մասնակցեցան Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ։ Հաճելի երեկոյթը վարեցին՝ Մասիս Գույումճու եւ Գարին Քիւրքճիւօղլու Ըշըքճը։

Էջեր