ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՀԱՒԱՔ
Եշիլգիւղի վարժարանի պարտէզին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ երիտասարդաց հաւաք մը։ Պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ կազմակերպուած յատկանշական երեկոյթ մըն էր այս մէկը՝ միասնականութեան կարգախօսով։
Եշիլգիւղի վարժարանի պարտէզին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ երիտասարդաց հաւաք մը։ Պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ կազմակերպուած յատկանշական երեկոյթ մըն էր այս մէկը՝ միասնականութեան կարգախօսով։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու մեր համայնքի մշակութասէր գործիչներէն Վարդան Պալմումճեանը, Արսէն Գովանը, Թագուհի Մաթաթեանն ու Շուշան Սվասլըօղլուն։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին գոհունակութեամբ վերահասու դարձանք, թէ Մխիթարեան եւ Պոմոնթիի Մխիթարեան սանուց միութիւններուն համատեղ նախաձեռնութեամբ յառաջիկայ շրջանին պիտի ոգեկոչուի անմոռանալի բանասէր Գէորգ Բամպուքճեան։
Պոլսահայ մշակութային կեանքի մղիչ ուժերէն երեք արուեստագէտներ՝ Ժուլիա Մութլու, Ժանին Փափազեան եւ Արամ Կոստանեան ներկայիս ձեռնամուխ եղած են գեղարուեստական նոր հանդիսութեան մը պատրաստութեան։ Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու զանոնք եւ այս առթիւ մանրամասն բացատրութիւններ լսեցինք իրենց ծրագրին շուրջ։
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան երէկ երեկոյեան Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ խանդավառ հանդիպում մը ունեցաւ ժողովուրդին հետ:
Նորին սրբազնութիւնը կարեւորութեամբ ուշադրութիւն հրաւիրեց նախընտրական գործընթացին ներգրաւուած վարձկաններուն վրայ. «Թողնենք, որ մեր համայնքը նախընտրութիւն մը ընէ ազատ կամքով։ Այլապէս, ով որ ալ բազմի գահուն վրայ՝ պիտի չհամարուի բոլորիս պատրիարքը եւ պիտի չվայելէ բոլորիս յարգանքը»:
Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ Գատըգիւղի մէջ անցեալ շաբթուան տեւողութեան կատարուած ելոյթի մը շուրջ։ Երէկ, այս յայտարարութիւնը հրապարակեց իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ, որ ներկայիս կը գլխաւորէ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ մեր համայնքի այն անդամներուն հետ, որոնց արմատները կ՚առընչուին Մալաթիա քաղաքին հետ։ Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացէն ներս նորին սրբազնութիւնը զանազան ձեւաչափով կ՚ունենայ ժողովրդական հանդիպումներ եւ երէկուանն ալ մաս կազմեց նոյն ծիրին։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան անցեալ շաբթուան մէջ հիւրընկալեց Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութեան ատենապետ Կարապետ Մխալեանը, որու հետ Գումգաբու փութացած էին նաեւ Գարեգին Պարսամեան եւ Իւղաբեր Պոյաճեան։ Միութիւնը մօտալուտ ուսուցչաց օրուան առթիւ ձեռնարկած է մասնաւոր հաւաքոյթի մը կազմակերպման։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է երէց սերունդէ երախտաշատ կրթական մշակներէն Թագուհի Վոլքան-Աբրահամեան։ Յառաջացած տարիքի մէջ ան հրաժեշտ կ՚առնէ երկրաւոր կեանքէ՝ իր ետին թողլով բարի յիշատակ մը։
Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին 90-ամեակին առթիւ անմոռանալի համերգ մը:
Յոբելեանին առթիւ բազմամեայ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանին յանձնուեցաւ յուշանուէր մը:
Պոմոնթի Մխիթարեան վարժարանի պարտէզը երէկ հիւրընկալեց Միջմիութենական յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հաւաքոյթին մասնակիցները:
Ոսկի աշնան տօնախմբութեան ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկաւ մեներգչուհի Լիտա Քէօսէօղլու, մինչ երիտասարդներ պարեցին ի շարունակութիւն ստեղծուած մեծ ոգեւորութեան: