Թրքահայ կեանք

ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի հիմնադրութեան 200-ամեակին առթիւ նախատեսուած յոբելենական ծրագրի գործադրութիւնը արդէն ընթացքի մէջ է։ «Միշտ կարգապահ, միշտ կանգուն։ Կեցցէ՛ Լեւոն-Վարդուհեան» նշանաբանով պատրաստուած է 200-ամեակի ծրագիրը։

ԱՆԽԱԽՏ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Ամենապատիւ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը երէկ երեկոյեան հիւրընկալեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը:
Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ գործակից ընկերները Նորին Ամենապատուութիւնը ջերմօրէն շնորհաւորելով՝ յղեցին յաջողութեան մաղթանքներ:

ՄՈՒԱՄՄԷՐ ՔԵՍՔԻՆ ԵՒ ՀԱՅՐԻ ԻՆԷՕՆԻՒ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը երէկ հիւրընկալեց Շիշլիի քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքինը։ Քաղաքավարական այցելութեան ընթացքին Մուամմէր Քեսքին եւ իր ընկերակիցները շնորհաւորեցին Նորին Ամենապատուութիւնը, որուն յանձնեցին նաեւ յուշանուէր մը։

Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Ս. Ստեփանոս նախավկայի յիշատակման տօնի հանդիսաւոր նախատօնակի արարողութիւնը։ Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը նախագահեց արարողութիւններուն, որոնց մասնակցեցան պոլսահայ սարկաւագաց եւ կիսասարկաւագաց դասու անդամները։

ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Համայնքային շրջանակները երէկ ժամադրուած էին Եշիլգիւղի մէջ։ Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը նախագահեց Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն, որոնք տեղի ունեցան տարեկան անուան տօնախմբութեան եւ մատաղօրհնութեան առթիւ։

ԸՆՏՐԵԱԼ-ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հօր ընտրութենէն ետք, Պատրիարքարանի մէջ շնորհաւորական խանդավառութիւնը կը շարունակուի։ Երեքշաբթի, քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու այցելութեամբ արդէն իսկ սկսած էր եռուզեռ մը։

ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ գիրքի շնորհանդէս մը, որ առիթ հանդիսացաւ խանդավառութեան։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Մալաթիացի հայոց «Հայտէր» հայրենակցական միութեան եւ «Արաս» հրատարակչութեան համագործակցութեամբ վերջերս լոյս տեսած է Արշակ Ալպոյաճեանի յայտնի «Պատմութիւն Մալաթիոյ հայոց» գիրքի թրքերէն թարգմանութիւնը։

«ԳՈՅՆԵՐՈՒ ՍԷՐԸ» ՍՕՍԻ ՃՆՏՈՅԵԱՆԻ ԵՐԱՆԳԱՒՈՐՈՒՄՈՎ

Երէկ երեկոյեան, Շիշլիի քաղաքապետութեան «Ճեմիլ Ճանտաշ-Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ բացուեցաւ յայտնի արուեստագիտուհի Սօսի Ճնտոյեանի երանգաւորման ցուցահանդէսը։ Ան թէեւ համբաւ կը վայելէ որպէս դերասան ու բեմադրիչ, սակայն շուրջ տասն տարիէ ի վեր կը ստեղծագործէ նաեւ երանգաւորման ճիւղին մէջ։

Էջեր