ՄԱԼԱԹԻՈՅ ԵՒ ԷԼԱԶԸՂԻ ՄԷՋ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏԱՂԱՒԱՐԻ ԱՌԹԻՒ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ս. Ծննդեան տաղաւարին առթիւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի արտօնութեամբ, Աթոռի լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, ընկերակցութեամբ Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեանի եւ Արմենակ Սրկ. Գազանճեանի, հովուական այցելութիւններ տուաւ Էլազըղի ու Մալաթիոյ հայ համայնքներուն։
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին, Անուանակոչութեան տօնին, Ս. Պատարագի մատուցմամբ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնով յիշատակուեցաւ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի երբեմնի ատենապետ հանգուցեալ Շապուհ Չոլաքեան, իր կողակիցը՝ հանգուցեալ Սիլվա Չոլաքեան եւ իրենց հարազատները։ Արարողութեանց հանդիսապետեց եկեղեցւոյ քարոզիչ՝ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
-Ինչպէ՞ս կը դիտարկէք Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի առկայ վիճակը։
Շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ գարակէօզեանցիներու տարեկան աւանդական հաւաքը։ Հաստատութեան սաները շաբաթ առաւօտ նախ համախմբուեցան Շիշլիի գերեզմանատան մէջ, ուր ոգեկոչուեցաւ դպրոցի հիմնադիրը՝ բարեյիշատակ Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեան։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վնարժարանի չորրորդ դասարանի սաները վերջերս այցելեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Աշակերտներու խումբը գլխաւորեցին վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու եւ ուսուցչուհի Մելիսա Թուրաչ Պալչըք։
Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեանի վախճանման 100-րդ տարելիցին առթիւ:
Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բժշկական-առողջապահական նիւթերու վերաբերեալ ասուլիս մը։ Իր նմաններու շարքին երկրորդ այս երեկոյթի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր։
Մեր համայնքէն ներս հասակ կ՚առնէ ճատրակի խոստմնալից աստղ մը, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի դառնայ ութ տարեկան։ Ան Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի երկրորդ դասարանի աշակերտներէն Տիգրան Էօզպիւլպիւլն է։
Գարակէօզեանի «Նատիա-Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստական աշխատանոցներու մասնակիցները Ամանորը դիմաւորեցին խրախճանքով մը։ Վերջին շուրջ երեք ամսուան ընթացքին աշխատանոցներու ծրագրին մասնակից եօթ տասնեակ փոքրիկներ մասնակցեցան այս խրախճանքին, անոնց միացան նաեւ ութ չափահասներ։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան պատարագեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ: