Թրքահայ կեանք

ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբը վերջերս հնգօրեայ ուխտագնացութիւն մը կատարեց դէպի Երուսաղէմ։ Ուխտագնացութիւնը գլխաւորեց դասու նախագահ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, որու հետ էր նաեւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։

ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ Ի ՆՊԱՍՏ ՔԷՐՄԷՍ

Գարնանամուտի ներկայ շրջանին Էսաեան վարժարանի ի նպաստ տեղի ունեցաւ քէրմէս մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Վարժարանի ծնողաց միութեան եւ քէրմէսի յանձնախումբի համատեղ ջանքերով կազմակերպուեցաւ այս ձեռնարկը։

ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՄԻՋՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԱՅԻՆ ՄՏԱԽԱՂԵՐԸ

Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ միջնախակրթարանային մտախաղերուն երկրորդը։ Այս ծրագրին համար հիւրընկալ վարժարանին աջակցեցաւ Թրքական ուղեղի խումբը եւ Մտախաղերու հրատարակչութիւնը։

ՀԱՄԱՏԵՂ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍՆԵՐ

110-ամեակի առթիւ տեղի ունեցած տարեդարձի ձեռնարկը հնարաւորութիւն ընձեռեց նախանշելու՝ թերթիս վերամեկնաբանեալ առաքելութեան հիմնական առանցքները:
Երկու նիստով յոբելենական հաւաք:
Յայտնի գրականագէտներ դրուատիքը հիւսեցին՝ բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանի ջանքերով սկիզբ առած հրատարակչական աշխատանքի ծիրէն ներս կատարուած արտադրութեան, ընդգծելով պտուղներուն որակն ու պատրաստութեան լայն մտահորիզոնները:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի www.jamanak.com կայքէջը՝ ուրոյն պատուհան մը, ուրկէ լոյս կը սփռուի հայ իրականութեան օրակարգի բազում նիւթերու ամենահետաքրքրական երեսակներուն վրայ:

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՈԳԵԿՈՉԵՑ ԲԱՐԵՅԻՇԱՏԱԿ ԶԵՆՈԲ ԷՖԷՆՏԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆԸ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ ո­գե­կո­չեց թա­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի բա­րե­յի­շա­տակ բա­րե­րար հան­գու­ցեալ Զե­նոբ է­ֆէն­տի Մէ­րա­մէթ­ճեա­նը՝ մա­հուան 106-րդ տա­րե­լի­ցին առ­թիւ։
Այս առ­թիւ ե­րախ­տա­շատ բա­րե­րա­րի Շիշ­լիի գե­րեզ­մա­նա­տան դամբարանին մօտ կա­տա­րուե­ցաւ մաս­նա­ւոր հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ Տ. Մի­նաս Աւագ Քահանայ Ճի­հան­կիւ­լեա­նի։ 

ԿԱՊՐԻԵԼԼԱ ՊԱՔԸՐՃԸՕՂԼՈՒԻ ՊԱՏՄՈՒԱԾՔԸ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ԱՐԺԱՆԱՑԱԾ

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի աշակերտուհիներէն Կապրիելլա Պաքըրճըօղլու վերջերս մասնակցութիւն բերաւ Քապաթաշի լիսէին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած եւ գրող Էօմէր Սէյֆետտինի յիշատակին ձօնուած գրական մրցոյթի մը։ Իր տեսակին մէջ 7-րդ այս մրցոյթին ան պատրաստուած էր վարժարանի թրքերէնի ուսուցչուհի Զիւպէյտէ Տիզտարի հսկողութեան ներքեւ։

ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Գալֆաեան Տան տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ նախընթաց օր կազմակերպուեցաւ մարմնամարզի միջվարժարանային աւանդական մրցոյթը, որ տեղի ունեցաւ Աթագիւղի մէջ։ Այս տարի 15-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ միջվարժարանային սոյն մրցաշարքը։

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԾՆՈՂԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ծնողաց միութիւնը երէկ կազմակերպեց կանանց ճաշկերոյթ մը։ Ֆլորիայի «Տեւելի» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ այս կանանց հաւաքը՝ ի նպաստ վարժարանին։

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՍԵՐՊԻԱՅԷՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆՆԵՐ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրասիրեց Օհրիտի Սեն Քլեմենթ Աստուածաբանական համալսարանէն խումբ մը աշակերտներ՝ գլխաւորութեամբ Փրոֆ. Մոմչիլօ Փաւլովիչի։

Էջեր