ՄԵՐ ՀԱՄԱՅՆՔԷՆ ՅԱՅՏՆԻ ԲԺԻՇԿՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՄԱՍՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԱՍՈՒԼԻՍ՝ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ
Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ մեր համայնքէն երեք յայտնի բժիշկներու մասնակցութեամբ շահեկան ասուլիս մը։ Մասնագիտական նիւթերու շուրջ նախատեսուած զրոյցներու շարքի առաջինն էր այս մէկը։