ՀՐԱՏԱՊ ՊԱՅՔԱՐ
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի բժշկապետը բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի։
Համաճարակէ վարակուածներու համար գթութեան յարկէն ներս կը գործէ մասնաւոր բաժանմունք մը՝ մինչ անմիջական կապ հաստատուած է պետական պատկան մարմիններու հետ։
Ըստ Տքթ. Արմենակ Մեծատուրեանի, ներկայիս արտասովոր հոգածութեան առարկայ կը դառնայ նաեւ ծերանոցը։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ Ս. Պատարագ՝ Պալաթու Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ մէջ:
Sevgili cemaatimiz,
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի ներկայ օրերուն, մեր համայնքէ ներս ընկերային զօրակցութեան շարժումը բաւական կազմակերպուած ու նպատակասլաց կերպով յառաջ կը տարուի Ֆէրիգիւղի մէջ։ Քաղաքիս ամենահայաբնակ այս շրջանի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հնարաւորութիւնները շարժման կ՚անցուին՝ կարելի չափով բոլորի կարիքներուն հասնելու առաջադրութեամբ։
Kardeşler,
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Էսաեան վարժարանի աշակերտներէն Արիս Տիգրան Նշան վերջերս առաջնութիւն նուաճած է միջվարժարանային ուսողութեան մրցոյթի մը մէջ։ Այսպէս, ան մասնակցութիւն բերած է «Mathletic 2020» մրցոյթին, որ կազմակերպուած է «Mektebim» կրթական հաստատութիւններուն կողմէ։
Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանի Է. եւ Ը. դասարաններէն խումբ մը աշակերտներ՝ թիւով տասներկու, մարտի 6-8 թուականներու միջեւ իրենց մասնակցութիւնը բերին Քոչ վարժարանի կողմէ կազմակերպուած «Բնորդ Միացեալ ազգեր» (ԷՄ-ԵՈՒ-ԷՆ) ծրագրին: