Տ. ՍԱՀԱԿ ԵՊՍԿ. ՄԱՇԱԼԵԱՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ՇՈՒՐՋ
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ հերթական յայտարարութեամբ՝ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին շուրջ։ Յառաջիկային նախատեսուած է պատրիարքական տեղապահի մը ընտրութիւնը։