ՊԱԼԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ

ՀԱՅՃԱՐ-ի նախաձեռնութեամբ ամէն տարի, հոկտեմբերի 5-ին մերձաւոր շաբաթ օրը, կը յիշատակուին յայտնի ճարտարապետներու գերդաստան՝ Պալեան ընտանիքի անդամները։ Այս տարուան յիշատակութիւնները տեղի ունեցան շաբաթավերջին, ժամը 11.30-ին, Սկիւտարի Ս. Խաչ գերեզմանատան մէջ, նախագահութեամբ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանը, որուն կ՚ընկերանային իր գործակից ընկերներէն Դաւիթ Տամլա եւ Մինաս Արսլան։ Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ շաբաթավերջին նախատեսուած է Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութիւնը։
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացէն ներս տրամաբանական նախընտրութիւն։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Հայ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու միութեան (ՀԱՅՃԱՐ) ներկայացուցիչները՝ Գէորգ Էօզգարակէօզն ու Հրաչ Անուշաւան Գըրմըզըեանը։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ միօրեայ այցելութիւն մը տուաւ մայրաքաղաք Անգարա, ուր մասնակցեցաւ Ազգային մեծ ժողովի նոր նստաշրջանի բացման նիստին եւ անոր յաջորդած պաշտօնական ընդունելութեան։ Նորին սրբազնութեան ընկերացաւ Կրօնական ժողովէն Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան հանդիսապետեց Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն։
Իսթանպուլահայ սանուց միութիւններու նախաձեռնութեամբ երէկ Սկիւտարի բարձունքին տեղի ունեցաւ խանդավառ խրախճանք մը։ Աւանդական այս դաշտահանդէսը կազմակերպուած էր Գալֆաեան Տան ննջարանի բաժնի համալիրէն ներս։