ՊԷՅՕՂԼՈՒԷՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ Գատըգիւղի մէջ անցեալ շաբթուան տեւողութեան կատարուած ելոյթի մը շուրջ։ Երէկ, այս յայտարարութիւնը հրապարակեց իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ, որ ներկայիս կը գլխաւորէ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ մեր համայնքի այն անդամներուն հետ, որոնց արմատները կ՚առընչուին Մալաթիա քաղաքին հետ։ Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացէն ներս նորին սրբազնութիւնը զանազան ձեւաչափով կ՚ունենայ ժողովրդական հանդիպումներ եւ երէկուանն ալ մաս կազմեց նոյն ծիրին։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան անցեալ շաբթուան մէջ հիւրընկալեց Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութեան ատենապետ Կարապետ Մխալեանը, որու հետ Գումգաբու փութացած էին նաեւ Գարեգին Պարսամեան եւ Իւղաբեր Պոյաճեան։ Միութիւնը մօտալուտ ուսուցչաց օրուան առթիւ ձեռնարկած է մասնաւոր հաւաքոյթի մը կազմակերպման։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է երէց սերունդէ երախտաշատ կրթական մշակներէն Թագուհի Վոլքան-Աբրահամեան։ Յառաջացած տարիքի մէջ ան հրաժեշտ կ՚առնէ երկրաւոր կեանքէ՝ իր ետին թողլով բարի յիշատակ մը։
Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին 90-ամեակին առթիւ անմոռանալի համերգ մը:
Պոմոնթի Մխիթարեան վարժարանի պարտէզը երէկ հիւրընկալեց Միջմիութենական յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հաւաքոյթին մասնակիցները:
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան անցեալ շաբթուան մէջ այցելեց Գատըգիւղ՝ նախընտրական քարոզարշաւի ծիրէն ներս։ Ս. Թագաւոր եկեղեցի հանդիպելէ վերջ, 13 նոյեմբեր, չորեքշաբթի երեկոյեան, նորին սրբազնութիւնը ժողովրդական հանդիպումի մը մասնակցեցաւ Արամեան սանուց միութեան մէջ։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ առաւօտ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Պելժիոյ նորանշանակ աւագ հիւպատոս Սերժ Տիքշէնը, որ փութացած էր քաղաքավարական այցելութեան։ Ան նորին սրբազնութենէն տեղեկութիւններ ստացաւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի, Հայ Եկեղեցւոյ եւ Պատրիարքական Աթոռի մասին։
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցին վերջերս հրատարակեց «Շաբաթական խոհեր» գիրքը, որու հեղինակն է Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ «Սուրբ Թագաւոր մատենաշար»էն լոյս տեսած 6-րդ հատորն է այս մէկը, որ հրատարակութեան պատրաստուած է Ս. Թարգմանչաց տօնին առթիւ։