ՏԻԳՐԱՆ ԿԻՒԼՄԷԶԿԻԼ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԸՐԱՒ ՍԻՒԼԷՅՄԱՆ ՍՈՅԼՈՒԻ ՀԵՏ ՈՒՆԵՑԱԾ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ՇՈՒՐՋ
Յայտնի համայնքային բարերար, Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ երէկ համայնքային մամուլի նկատառման յանձնեց յայտարարութիւն մը, որ կը վերաբերի Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի հետ իր ունեցած հանդիպման։ Ինչպէս հաղորդած էինք քանի մը օր առաջ, անցեալ շաբաթավերջին Տիգրան Կիւլմէզկիլ ընդունուած էր Սիւլէյման Սոյլուի կողմէ։
Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկը վերջերս լոյս ընծայած է «Դէմքեր եւ դրուագներ» խորագրեալ գիրք մը, որ Եդուարդ Սիմքէշեանի գործերու ժողովածոյ մըն է։ Ինչպէս ծանօթ է, մեր համայնքի արդի տարեգրութեանց մէջ Եդուարդ Սիմքէշեան ունի ուրոյն տեղ մը։
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացէն ներս երէկուան դրութեամբ արդէն երկրորդ անգամ դիմում ներկայացուեցաւ դատական իշխանութիւններուն մօտ։ Այսպէս, իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ դատ բացաւ Իսթանպուլի Asliye Hukuk ատեանին մօտ, որպէսզի պատրիարքական ընտրութեան գործադրութեան ընթացքը կասեցուի։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կիրակի նախագահեց Պալաթու Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ արարողութիւններուն, որոնք առիթ հանդիսացան մեծ ոգեւորութեան։ Զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ լեցուցած էին պատմական եկեղեցին, ուր պատարագեց Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։
Երէկ, Պաքըրգիւղի ընտանիքը արտասովոր շաբաթավերջ մը ապրեցաւ՝ թաղի Տատեան վարժարանի ի նպաստ կազմակերպուած տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանին առթիւ։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
Գումգաբուի մէջ երէկ երեկոյեան յատկանշական ու շատ որակեալ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ՝ ի յիշատակ Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի։ «Karanlık İşler» խումբին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը։ Նուրի Քայայի կողմէ գլխաւորուած այս խումբը ցայսօր զանազան վայրերու մէջ «Մուս մութ» ութ համերգ կազմակերպած էր ի յիշատակ Կոմիտաս Վարդապետի։
Պատրիարքարանէն կը տեղեկացնեն մեզի.-
Կեդրոնական վարժարանի ծնողաց միութիւնը նախընթաց օր կազմակերպեց յատկանշական ձեռնարկ մը, որուն մասնակցութիւն բերին մեր զանազան թաղերէն համակիր կանայք։ Ատենապետուհի Սեդա Պեշիկթաշլեանի կողմէ գլխաւորուած ծնողաց միութիւնը հսկայ՝ շուրջ 250 հոգիէ բաղկացեալ խումբ մը առաջնորդեց Գումգաբու։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Վարդան Մատթէոսեանը, որ Նիւ Եորքէն քաղաքս ժամանած է անձնական այցելութեան մը առթիւ։ Օգտուելով քաղաքիս մէջ գտնուելու հնարաւորութենէն՝ Վարդան Մատթէոսեան երէկ յետմիջօրէին այցելեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը, ուր հիւրընկալուեցաւ մեր հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեանի կողմէ։