ՍԻՄՈՆ ՉԵՔԷՄԻ ԲԱՑԱԾ ԴԱՏԻՆ ՄԱՍԻՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացէն ներս իրաւաբան Սիմոն Չեքէմի կողմէ բացուած դատին արձագանգները կը շարունակուին։ Սիմոն Չեքէմ, որ կը գլխաւորէ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը, Նախաձեռնարկ մարմինը ամբաստանելով դատ մը բացած էր գործընթացի կասեցման պահանջով։
Գատըգիւղի ընտանիքը վերջերս ոգեկոչեց մեծանուն եւ անմոռանալի ազգային բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանը, որու ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանը կը նշուի այս տարի։ Այս առթիւ Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ մասնաւոր ձեռնարկ մը, որով ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի ընտանիքէն երկու ներկայացուցիչներ. յանձին՝ Թանիա Պալճըի եւ Գարոլին Քեպապճըի։ Ինչպէս արդէն ծանուցուած է, Ամանորի սեմին Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած է քէրմէս մը:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Կեդրոնական վարժարանի ծնողաց միութեան կողմէ երկու ներկայացուցիչներ. յանձին՝ Ժանէթ Արծիւեանի եւ Սեդա Պէշիկթաշլեանի։
Գարակէօզեան Տան երդիքին տակ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հետաքրքրական ձեռնարկ մը։ «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստական աշխատանոցի երդիքին տակ կազմակերպուած էր եզակի տօնավաճառ մը։
Տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան նախագահեց Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն:
Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ շաբաթ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ Կոմիտաս Վարդապետին ձօնուած ձեռնարկ մը։ Իր ծննդեան 150-ամեակին առթիւ կազմակերպուած հանդիսութիւններու շարքը այսպէսով համալրուեցաւ՝ «Փրկիչ» հրատարակչութեան նախաձեռնութեամբ։
Գումգաբուի Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ փառաշուք յուղարկաւորութիւն:
Շիշլի մարզակումբէն ներս վերջերս գործել սկսաւ երիտասարդաց յանձնախումբ մը։ Ակումբի վոլէյպոլի, պասքեթպոլի եւ ճատրակի մարզիկներէն բաղկացեալ կազմ մըն է այս մէկը։ Վարչութեան այս նախաձեռնութեան նպատակն է համախմբել համայնքի երիտասարդութիւնը եւ ապահովել, որ ակումբը յառաջիկային իր երիտասարդ տարրերու հոգածութեան առարկայ դառնայ։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Ալթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ տիկնանց կազմը։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։