ԲԱՐՁՐԱՇՆՈՐՀ ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ՊԱՏԳԱՄԸ
Վերամուտ է կրկին:
Դպրոցական տարին վերսկսաւ ջերմ խանդավառութեամբ, յուզումներով ու անուշ եռուզեռով: Մարտահրաւէրը նոյնն է միշտ. կարողանալ աւանդել սերունդէ սերունդ մեր մարդկայինն ու ազգային արժէքները՝ լեզու, կրօնք, մշակոյթ, տոհմային ինքնութիւն եւ բարոյականութիւն, որպէսզի ապահովուի մեր գոյութիւնը պատմութեան դժնդակ ուղիներուն վրայ: