ԾԱՓԱՀԱՐԵԼԻ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Ամենապատիւ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը նախագահեց Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն:
Համայնքային շրջանակները հաւասարակշռեցին Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի պիւտճէն - Նորին Ամենապատուութիւնը բարձր գնահատեց Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլը:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի երիտասարդ ատամնաբոյժներէն Ռուտի Պոյաճեան վերջերս օրթոտոնթիի մարզին մէջ մասնագիտանալով ստացած է վկայականը։ Մասնագիտական ուսուցման շրջանին իր կողմէ կատարուած աշխատանքը վերահսկուած է Փրոֆ. Թորոս Ալճանի կողմէ։
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ՝ ամանորեան շրջանի աւանդական քէրմէսը։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ շնորհաւորական մը ուղարկեց Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հօր։ Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով Նորին Սրբութեան շնորհաւորականին մէջ նշուած է հետեւեալը. «Հոգեկան ցնծութեամբ եւ եղբայրական ջերմ սիրով կ՚ողջունենք Ձեզ եւ կը շնորհաւորենք Ձեր ընտրութիւնը:
Ազգային պատգամաւորական ժողովը այսօր կ՚ընտրէ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի 85-րդ գահակալը։ Շաբաթավերջի քուէարկութեան արդիւնքին հետ ուղիղ համեմատութեամբ գահ կը բարձրանայ Բարձր. Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ վերջին շրջանին կը վարէր տեղապահի պաշտօն եւ այժմ արդէն կը ստանձնէ մեր նուիրապետական ու սուրբ Աթոռին ղեկը։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն չորս ներկայացուցիչ. յանձին՝ Նուարդ Պարընի, Մարգրիտ Նալպանտղազարօղլուի, Եւգինէ Վանլըօղլուի եւ Նուրհան Սուճուեանի։
Կեդրոնական վարժարանին մէջ Ամանորի սեմին տեղի ունեցաւ քէրմէս մը ծնողաց միութեան նախաձեռնութեամբ։ Աւանդական այս ձեռնարկի բացման մասնակցեցաւ նաեւ վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան։
Էսաեան վարժարանի 12-րդ դասարանի գիտական ճիւղի աշակերտներէն Շանթ Շիմշէքչաք վերջերս մասնակցութիւն բերաւ «Աճըպատէմ» համալսարանի բժշկական ֆաքիւլթէին կողմէ կազմակերպուած մրցումի մը։ IGEM (Int. Genetically Engineered Machine Competition) կոչուած այս մրցումը տեղի ունեցաւ երկու փուլով։
Ամանորի սեմին Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ քէրմէս մը։ Երկօրեայ այս հանդիսութիւնը անցաւ ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ։ Քէրմէսի բացման մասնակցեցաւ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի մատակարար մարմնի ատենապետուհի Ռիթա Նուրնուր, որու կողքին էին իր գործակիցները։