«ՍՈՒՐԲ ԹԱԳԱՒՈՐ» ՄԱՏԵՆԱՇԱՐԷՆ ՅԱՏԿԱՆՇԱԿԱՆ ԳԻՐՔ ՄԸ. «ՏԱՐԻՆԵՐ»
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ, համանուն մատենաշարի ծիրէն ներս վերջերս լոյս տեսած է «Տարիներ» անուն գիրք մը, որ ձօնուած է վաղամեռիկ բանաստեղծուհի Թալին Էօզգալայճը-Տէօքմէճեանի յիշատակին։
Մխիթարեան վարժարանի մանկապատանեկան երգչախումբը այս տարի եւս մասնակցութիւն բերաւ քաղաքիս՝ Աւստրիոյ մշակոյթի կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած Սուրբ Ծննդեան համերգին, որ տեղի ունեցաւ ներկայ շաբթուան սկիզբը։
Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Մալաթիացի հայոց «Հայտէր» հայրենակցական միութեան վարչայիններէն ճարտարապետ Գէորգ Էօզգարակէօզը։
Քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդները իրերայաջորդ փութացին Գումգաբու:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուն եւ ժրաջան անդամներէն Մուրատ Կէօրէյը։ Այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ եւ թաղի վարժարանին ի նպաստ տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանը։
Երէկ, Էսաեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի աւանդական քէրմէս մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Վարժարանի համակիրներ եւ զանազան թաղերէ հիւրեր այս առթիւ այցելեցին Էսաեան վարժարան, որու սրահին մէջ սարքուած տաղաւարներու շուրջ համախմբուեցան տօնական տրամադրութեամբ։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած նախաճաշերը կը շարունակեն համախմբել՝ զանազան սերունդներէ սաներ։ Դպրեվանքի ընտանիքին տեսակէտէ վերջին շրջանին մասնաւոր ոգեւորութեան մը առիթ դարձած են այս նախաճաշի սեղանները, որոնք կը սարքուին կիրակի օրերը։
Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Հրէից րաբունապետ Ռաւ Իսհաք Հալեւան, որ փութացած էր շնորհաւորութեան։ Իրեն կ՚ընկերանար խախամապետարանի դիւանապետ Եուսուֆ Ալթընթաշ։
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Աւանդական» պարախումբի անդամներու ընտանեկան հաւաքոյթը։ Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի վերյիշման տօնին զուգադիպեցաւ երեկոյթը, որու ընթացքին նշուեցաւ «Աւանդական» պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար Յակոբ Կիւլէչի անուանակոչութիւնը։
Մխիթարեան վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ՝ ծնողաց միութեան կողմէ կազմակերպուած Ամանորի աւանդական քէրմէսը, որ արժանացաւ այցելուներու եւ համակիրներու մօտիկ հետաքրքրութեան։ Դպրոցի սրահին մէջ զետեղուած էին տաղաւարները, որոնց շուրջ ստեղծուեցաւ մեծ եռուզեռ։