Կիրակի 25, Մայիս 2025
ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒՆԵՐՈՒ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ՆԿԱՏԱՌՄԱՆ
Ծանօթ է, թէ համավարակի պատճառաւ երկրի առողջապահական պաշտօնական մարմիններու ցուցմունքներով կատարուած սահմանափակումները կը շարունակուին ներկայիս։ Այս սահմանափակումներու կարգէն ըլլալով 29 ապրիլ 2021, հինգշաբթի, ժամը 19.00-էն մինչեւ 17 մայիս 2021, ժամը 05.00 փողոց ելլելու արգելք յայտարարուած է պաշտօնապէս։
Ամեն. Պատրիարք Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ մեր եկեղեցիները վերոյիշեալ օրերուն 11.00-16.00 ժամերու միջեւ մոմավառութեան եւ անհատական աղօթքի համար բաց կը մնան, եկեղեցիներէ քալելու հեռաւորութեամբ բնակող հաւատացեալներու համար։
ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ
28 ապրիլ 2021
Հինգշաբթի, Ապրիլ 29, 2021