ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆ ԱՌԿԱԽԵԱԼ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԱՐԾԱՐԾԵՑ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՄԷՋ
Պետրոս Շիրինօղլուի այս վերջին քայլի լոյսին տակ, Տիարպաքըրի ՀՏՓ-ական երեսփոխան Կարօ Փայլան Ազգային մեծ ժողովէ ներս վերստին օրակարգի վրայ բերաւ՝ փոքրամասնական վաքըֆներու առկախեալ ընտրութեան հարցը։ Ան գրաւոր հարցում մը ուղղեց Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյին։