ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԱՄԱԿՆԵՐ
Մարտինի ՀՏՓ-ական երեսփոխան Թումա Չելիք զօրակցութեան նամակներ ուղարկեց Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հոգեւոր կեդրոններուն։ Ան այս քայլը առած է «Gerçek Hayat» պարբերաթերթին կողմէ վերջերս կատարուած հրատարակութիւններուն բերումով։