ՏԽՐՈՒՆԻ

Խոր ցաւով կը գուժենք մահը՝ մեր համայնքի երէց սերունդի այնքան յարգելի ու համակրելի դէմքերէն՝

ՏՈՔԹՈՐ 
ԱՐԹԻՆ ՄԵԾԱՏՈՒՐԻ

Վերջին օրերուն իր կորուստը մեծ ցաւ յառաջացուցած է թէ՛ իր ընտանիքին մօտ եւ թէ համայնքային շրջանակներէն ներս։ Ան թէեւ կը պատկանէր երէց սերունդի, սակայն, մինչեւ վերջերս առոյգ էր իր տարիքին համեմատ եւ ունէր հաւասարակշռուած առողջութիւն մը։ Դժբախտաբար, վերջին քանի մը շաբաթներուն ընթացքին այդ հաւասարակշռութիւնը խախտուեցաւ։ Ան հիւանդանոցի մէջ դարմանման տակ առնուեցաւ, սակայն, մասնագէտներու խնամքն ու հարազատներուն հոգածութիւնը բաւարար չեղան անոր կեանքը փրկելու համար։

Տքթ. Արթին Մեծատուր եղած էր Ս. Խաչ դպրեվանքի պատուական սաներէն եւ կեանքի ողջ տեւողութեան այդ հանգամանքը հպարտութիւն կը համարէր իրեն համար։ Բժշկութեան մէջ մասնագիտանալէ վերջ, անմնացորդ նուիրուած էր ասպարէզին եւ տասնամեակներ շարունակ ջանք ու եռանդ չէր խնայած՝ իր հիւանդները դարմանելու ճանապարհին։ Լուսահոգի բժիշկը համայնքային կեանքէ ներս միշտ հետամուտ եղած էր մշակութային շարժումներու աշխուժութեան եւ հայ մամլոյ հաւատարիմ ընթերցողն էր։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք նորոգ հանգուցեալ բարեյիշատակ բժիշկին՝ աղօթելով, որ վերջին հանգրուանը ըլլայ երկնային լուսեղէն օթեւաններու մէջ։

Այս դառն կորուստին առթիւ խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք իր կողակցին՝ Նուարդ Մեծատուրի, որդւոյն՝ մեր սիրելի ընկերոջ՝ Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մինաս-Լեռնա Մեծատուր ամոլին, զաւակներուն ու համայն պարագաներուն։

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2026