Չորեքշաբթի 10, Յունիս 2026
ՏՔԹ. ՅԱԿՈԲ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Երէկ, սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Յակոբ Այնթապլեան այցելեց Էսաեան վարժարան: Ծանօթ է, որ ան այս օրերուն այցելութիւն մը կու տայ քաղաքս եւ օգտուելով առիթէն կ՚այցելէ զանազան վարժարաններ: Էսաեան վարժարանի մէջ, Յակոբ Այնթապլեան հիւրընկալուեցաւ ջերմօրէն՝ գլխաւորութեամբ լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Տենչա Չընարի:
Աշակերտներուն հետ անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց երէց մտաւորականը: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Թաքսիմի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ երդիքին տակ, ուր անմիջական հաղորդակցութիւն ստեղծուեցաւ տքթ. Յակոբ Այնթապլեանի եւ աշակերտներուն միջեւ:
Յակոբ Այնթապլեանի հիւրընկալման ներկայ էր նաեւ՝ Տ. Յարութիւն վարդապետ Տամատեան, որ եւս ջերմօրէն ողջունեց փորձառու մտաւորականը եւ ընկերակիցները:
Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2026