ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱՅ ՆԿԱՐՉՈՒՀԻՆ՝ ԱՐՓԵՆԻԿ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Նոյեմբերի անսովոր տաք կիրակիներէն մէկն է: Աշնանային բազմազան գոյները կը մղեն արուեստի ջերմ միջավայր մը երթալու, Կիրակին կ՚ուզեմ անցընել արուեստի, գոյներու աշխարհի մը մէջ: Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը Կիրակի օրերը սովորաբար մարդաշատ կ՚ըլլայ, այն նկատառումով, որ հանգստեան օր է, իսկ Երկուշաբթի ալ պատկերասրահը գոց է, եւ մանաւանդ արուեստասէրները կը փափաքին Կիրակին նուիրել արուեստին:
Երեւանի մէջ վերջերս լոյս տեսաւ սփիւռքեան գրականութեան տեսակէտէ յատկանշական եռահատոր մը, որ ձօնուած է անմահ հեղինակի մը՝ Շահան Շահնուրի։ Լիբանանահայ վաստակաշատ գրող, բանասէր ու մանկավարժ Գրիգոր Շահինեանի աշխատասիրութեամբ կեանքի կոչուած է հրատարակչական այս կարեւոր ծրագիրը։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Կուտինայէն Երուսաղէմ՝ հմայիչ կապոյտ սալիկներու ճամբորդութեան հետքերով» դասախօսութիւն:
Երէկ, Երեւանի մէջ հիմնանորոգութեան երկարատեւ աշխատանքներէ վերջ վերաբացուեցաւ Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանը։ Ձեռնարկը առիթ հանդիսացաւ մեծանուն նկարիչի հերթական անգամ խոր երախտագիտութեամբ վերյիշման։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Համազգային»ի Լիբանանի մասնաճիւղի վարչութեան նախաձեռնութիւնը պսակուեցաւ յաջողութեամբ:
Շուէտահայ նկարչուհի Թելմա Էմինեան, որ ծնած է Իսթանպուլի մէջ, Սթոքհոլմի մէջ կազմակերպեց «Մեր ժամանակները» խորագրեալ մասնաւոր ցուցահանդէս մը։ Շուէտի մօտ Հայաստանի դեսպան Արտակ Ապիտոնեանի ջանքերով կազմակերպուեցաւ այս ցուցահանդէսը անցեալ շաբաթավերջին։ Սթոքհոլմի հայկական դեսպանատան երդիքին տակ կազմակերպուած ձեռնարկը արժանացաւ գեղարուեստասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ այս ամիս Երեւանի մէջ կ՚ոգեկոչուի հայկական երաժշտութեան տիրական անուններէն Ալեքսանդր Սպենդիարեան՝ իր ծննդեան 145-ամեակին առթիւ։ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի տուն-թանգարանը նախաձեռնած է մեծանուն յօրինողի ոգեկոչման ծրագրին, որ սկսաւ երէկ ու պիտի շարունակուի մինչեւ Նոյեմբերի 20-ը։