ՎԱՐՈՒԺ ՍԱՆՃԵԱՆԻ ԵԼՈՅԹԸ ԱՄՄԱՆԻ ՄԷՋ
Յորդանանի մայրաքաղաքը՝ Ամմանի սրահներէն մէկուն մէջ Աւստրալիոյ բեմի տաղանդաւոր արուեստագէտ Վարուժ Սանճեանի ներկայացմամբ՝ կայացաւ Կոստան Զարեանի «Տատրագոմի հարսը» քերթուածի բեմականացումը՝ կազմակերպութեամբ Ամմանի մշակութային միութեան Մշակութային յանձնախումբին:
Փեքինի մէջ, Չինաստան, վերջերս տեղի ունեցաւ Երախաներու պաշտպանութեան միջազգային օրուան նուիրուած «Ամբողջ աշխարհի երախաներու բարեկամութիւնը» խորագեալ մանուկներու նկարներու միջազգային ցուցահանդէսին բացումը:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ամերիկահայ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի «Մարդկային կատակերգութիւն» վէպի հիման վրայ նկարահանուած «Իթաքա» շարժապատկերին առաջին ծանուցումը արդէն իսկ պատրաս-տուած է ու կարելի է դիտել կայքէջի վրայ:
«Մանկական Եւրոտեսիլ-2016» մրցոյթին Հայաստան այս տարի կը մասնակցի զուգերգով մը։ Այսպէս, «Մանկական եւրոտեսիլ-2016» երգի միջազգային հեղինակաւոր մրցոյթին այս տարի Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Մերի Վարդանեանն ու Անահիտ Ադամեանը: Անոնց թեկնածութիւնը հաստատած է Հանրային հեռուստաընկերութեան ստեղծագործական խումբը՝ ներքին ընտրութեան իբրեւ արդիւնք:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երէկ Երեւանի մէջ սկսաւ Մնջախաղի միջազգային փառատօն մը, որ գեղարուեստասէրներու մօտիկ հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնայ։