ՀՐԱԺԵՇՏ՝ ՇԱՄԻՐԱՄ ՍԵՒԱԿԻՆ
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Լուսանկար մը կայ, որ վերջին շրջանին հրապարակուելով, սիրելի դարձած է շատերուն: Շամիրամ Սեւակն է լուսանկարին մէջ՝ խնամուած, ազնուական դիմագիծով, սպիտակահեր հայուհին, որ լուսանկարին մէջ ինքն ալ ձեռքը արծաթագոյն շրջանակով լուսանկար մը բռնած է: Այդ մէկը լուսանկարուած է մէկ-երկու տարի առաջ՝ Ֆրանսա, Նիս: Սեւ-ճերմակ այդ լուսանկարը մեծ դեր ունեցած է Շամիրամ Սեւակի կեանքին մէջ: Լուսանկարը կը պատկերէ երկու անձինք՝ Ռուբէն Սեւակն ու գերմանուհի կինը՝ Ճենի Ափփելը: Շամիրամ Սեւակի ծնողքն է, նահատակ գրող՝ Ռուբէն Սեւակն ու անոր հաւատարիմ կողակիցը՝ Ճենի Ափփելը:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է հայկական սփիւռքի խորհրդանշական դէմքերէն մին՝ Շամիրամ Սեւակ։ 102 տարեկան հասակին կեանքէ հեռացած Շամիրամ Սեւակ դուստրն էր նահատակ մտաւորական Ռուբէն Սեւակի։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ռումանահայ քաղաքական գործիչ եւ գրող Վարուժան Ոսկանեան արժանացաւ Angelus գրական մրցանակին, որ կը տրուի Կեդրոնական Եւրոպայի մէջ։
Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ վերջին օրերուն Երեւանի մէջ դարձեալ միասնաբար հանդէս եկան Հայաստանի երաժշտական աշխարհի յայտնի անուններէն Անտրէ Սիմոնեան ու մեր համակրելի մեներգչուհիներէն Սիպիլ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հիմնադրութեան 60-ամեակին ձօնուած ձեռնարկ մը՝ Երեւանի մէջ:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Երեւանի մէջ սկսաւ Արամ Խաչատուրեանի յիշատակին ձօնուած միջազգային չորրորդ փառատօնը: