Անոյշ Էլպաքեան՝ Ամերիկեան Ազգային Հեռուստատեսային Ակադեմիոյ «Էմմի» Մրցանակակիր
Նորութիւններու ակնառու լուսաբանման՝ «Կարճ վաւերագրական նիւթ/ֆիլմ» անուանակարգին մէջ Ամերիկեան ազգային հեռուստատեսային ակադեմիոյ՝ «Նոր Անգլիա Էմմի» մրցանակը (New England Emmy Awards - Outstanding News Report - Serious Feature) վերջերս շնորհուած է 25-ամեայ Անոյշ Էլպաքեանին: Ան նախապէս ստացած է երկու այլ հեղինակաւոր մրցանակ եւս:

Երեւանի մէջ սկսած է Արամ Խաչատուրեանի յիշատակին ձօնուած խմբավարական միջազգային մրցոյթը, որ այս տարի կը կազմակերպուի 12-րդ անգամ։ Ձեռնարկը ձօնուած է Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման 25-ամեակի յոբելեանին։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Համաշխարհային գրականութեան հսկաներէն Շէյքսփիրի մահուան 400-ամեակին շրջագծով վերջերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ յոբելենական հետաքրքրական ձեռնարկ մը, որ կազմակերպուած էր Բրիտանական խորհուրդի տեղւոյն մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ։
Մոսկուայի մէջ սկսաւ հայ մեծանուն երգահան եւ դաշնակահար, Խորհրդային Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Առնօ Բաբաջանեանի ծննդեան 95-ամեակին նուիրուած «Քանի դեռ կը յիշեմ, կ՚ապրիմ» խորագրեալ համերգաշարը: