ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը նախընթաց օր հիւրընկալեց Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Եփրեմ Բ. Պատրիարքը։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ, որ Կիլիկեան աթոռի գահակալի ամարանոցն է։

Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով՝ զրոյցի ընթացքին արծարծուեցան Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու դիմագրաւած հարցերը։ Բաց աստի, օրակարգի վրայ եկան՝ Արամ Ա.-ի Վատիկան կատարած վերջին այցելութիւնն ու արեւելեան ուղղափառ եւ կաթոլիկ եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան ընթացքը։

Հանդիպման ընթացքին Կիլիկեան աթոռի գահակալի կողքին էին Տ. Տաճատ եպսկ. Աշըքեան, Տ. Պարոյր ծ. վրդ. Շերնեզեան եւ Տ. Սարգիս վրդ. Աբրահամեան։ Եփրեմ Պատրիարքին ընկերացան՝ Պուլոս արք. Սաֆար, Տանիէլ արք. Քուրիէ եւ Ժոզէֆ եպսկ. Պալի։

Հանդիպման ընթացքին յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձան՝ Մալապարայի ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ յարաբերութեանց վերաբերեալ հարցեր։

Շաբաթ, Յունիս 20, 2026