Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻ ԵԼՆ Ի ՎԻՐԱՊԷՆ ՏՕՆԸ

Շաբաթավերջին, Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան անուան տօնախմբութիւն՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան արքեպիսկոպոս Մաշալեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապէ ելքի յիշատակութեան տօնախմբման առթիւ պատարագեց Տ. Պետրոս քհնյ. Պուլտուքեան։ Ներկայ էին պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն բազմաթիւ անդամներ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։

Երկուշաբթի, Յունիս 8, 2026