ՊԸՐՊԵՆՔԻ ՄԷՋ ԿԱՆԱՆՑ ՀԱՒԱՔ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ կանանց մեծ հաւաք մը։ Այսպէս, Պըրպենքի առաջնորդարանի համալիրէն ներս, Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան նախագահեց թեմի կանաց միութեան 69-րդ համագումարին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան թեւակոխած է իր քահանայական ձեռնադրութեան 30-ամեայ յոբելենական շրջանը։ Շաբաթավերջին համայնքային շրջանակները ջերմօրէն ողջունեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռնադրութեան տարեդարձը Գնալը կղզիին մէջ, ուր ան զանազան արարողութիւններու հանդիսապետեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ երդիքին տակ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Իսրայէլի նորանշանակ դեսպան Եոէլ Լիոնը, որ վերջերս Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին յանձնեց իր հաւատարմագիրը եւ որու նստավայրը կը գտնուի Երուսաղէմի մէջ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Պոլսոյ Պատրիարքութեան ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս միջոցէ մը ի վեր գործել սկսած է «Զուարթնոց» մշակութային նորաստեղծ յանձնախումբը՝ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեան ներքեւ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան վերջերս այցելեց Սթրազպուրկ, Ֆրանսա։ Սթրազպուրկի համալսարանէն ներս ան մասնակցեցաւ 4-րդ դարու ճգնակեաց Աստուածաբան՝ Սուրբ Եւագր Պոնտացիին նուիրուած հայրաբանական միջազգային գիտաժողովի մը։
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի 2021-2022 ուսումնական տարուայ փակման հանդիսութիւնը՝ նախագահութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին։
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի մեկնի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ, Հայ Եկեղեցւոյ համաշխարհային երիտասարդաց միութեան (ՀԵՀԵՄ) մէջ ան կը ներկայացնէ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի երդիքին տակ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ գիրքերու շնորհանդէս՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ։ Այս առթիւ ծանօթացուեցան շարք մը արժէքաւոր գիրքեր, որոնք տպագրուած էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան կողմէ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Սուրիոյ նորանշանակ դեսպան Նորա Արիսեանը։