ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՆՍՏԱՇՐՋԱՆ
ԳՀԽ-ի ընդլայնուած կազմով գումարուած՝ Ամենայն Հայոց Վեհ. Հայրապետի բարձր նախագահութեամբ:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ նախագահեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագին:
ԳՀԽ-ի ընդլայնուած կազմով գումարուած՝ Ամենայն Հայոց Վեհ. Հայրապետի բարձր նախագահութեամբ:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ նախագահեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Քառասնորդաց պահեցողութեան 8-րդ օրն է:
Այսօրուան Սուրբ Գիրքի ընթերցումներէն, Առակաց Գիրքին մէջ հետեւեալը կը կարդանք. «Որդեա՛կ իմ, եթէ մեղաւորները քեզի գլխէ հանել ուզեն, դուն անոնց հաւանութիւն մի՛ տար» (Առ 1.10):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահքի 6-րդ օրն է:
Նախորդող գրութիւներուն մէջ յաճախակի կերպով օգտագործած ենք հետեւեալ արտայայտութիւնը, թէ՝ «Մեծ Պահքը ճանապարհորդութիւն մըն է»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահքի հինգերորդ օրն է:
Անոնք որոնք հաւատքով ու ճշմարտութեամբ պատրաստուած էին այս ճանապարհորդութեան, վստահ օր օրի կը ջերմանան իրենց աղօթական կեանքին մէջ, քայլ առ քայլ մօտենալով Գողգոթային, ուրկէ անդին անցնելով հաղորդակից պիտի դառնան Յաւիտենական Լոյսին:
Սուրբ Թովմաս Աքուինացիի քահանայապետական համալսարանի՝ Անճելիքումի համալիրէն ներս միջեկեղեցական հանդիսաւոր աղօթք եւ գրքի ծանօթացման հաւաքոյթ:
Կարտինալ Քոխ. «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին բոլորէն աւելի կարողացաւ արտայայտել հայ ժողովուրդի զգայնութիւնը, իր պատգամը թէեւ խորապէս կը պարփակէ իր ժողովուրդի փորձառութիւնը, սակայն ունի համընդհանուր եւ համամիութենական արժէք։ Սա հնարաւորութիւն է տօնելու Հայ Առաքելական եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներու բարեկամութիւնն ու անոնց իսկական հաղորդութիւնը»:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կը պատրաստուի յառաջիկայ օրերուն այցելել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ 7-11 մարտին, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախատեսուած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով հերթական նստաշրջանը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Պօղոս Ադրիանապոլսեցի Պատրիարքը հետաքրքական մտածում մը ունի պահքի մասին. «Պահքը, -կ՚ըսէ- միայն Աստուծոյ փառքին համար պէտք է ըլլայ»: Մեծ պահքի երրորդ օրն է արդէն: Մեզմէ շատեր պահք կը պահեն, շատեր ալ չեն պահեր:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Բարեկենդանը պիտի դիմաւորէինք Մասեացոտնի թեմի սահմաններէն ներս Նորաբացի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Փոքրիկ գիւղական եկեղեցի մը ըլլալով հանդերձ, իր համալիրով յատկապէս սիրուն երեւոյթ մը ունի այս եկեղեցին։
Այս շաբաթավերջին Փրակի մէջ նախատեսուած է Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդաց միութեան (ՀԵՀԵՄ) Եւրոպայի շրջանային համաժողովը։ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, որ նաեւ ՀԵՀԵՄ-ի հոգեւոր առաջնորդն է, պիտի նախագահէ այս համաժողովին եւ բացման խօսքով մը հանդէս պիտի գայ։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Թերեւս պէտք է մտածել, որ սմարթ ֆօներու, այֆօններու, կէյմերու եւ ռօպլօքսներու այս աշխարհին մէջ այլեւս դժուար է հին, շա՜տ հին աւանդոյթները պահպանել, ապրեցնել, սերմանել ու յաջորդին փոխանցել։
Այդպէս է անկասկած, երբ դեռ մէկ-երկու տարեկան մանուկները այլեւս իրենց ձեռքերուն մէջ բռնած գործիքի մը ընդմէջէն կը դիտեն աշխարհը ու կը շփուին անոր հետ։ Եթէ մեր ժամանակներուն այդ պատուհանը մեր մայրերուն պատմածներն էին, իրենց յուշերը, փայտիկներէ շինուած խաղալիքներն ու կարուած պուպրիկները, հիմա աս տեսարանները նոյնիսկ դժուար է երեւակայել մերօրեայ մանուկներուն համար։