ՎԱՒԵՐԱԳՐԱԿԱՆ ԺԱՊԱՒԷՆ
Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքի գահակալութեան 30-ամեակին առթիւ այս շրջանին կը գործադրուի յոբելենական ծրագիր մը։ Երէկ երեկոյեան Նորին Սրբութեան գործունէութեան վերաբերեալ պատրաստուած փաստավաւերագրական ժապաւէնի մը առաջին ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր մթնոլորտի մը մէջ։