ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՏԵՂԱՅ ՎԱՆԱՁՈՐԻ ՎՐԱՅ
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Առաջնորդարանի բակը արդէն իսկ հասած ենք եւ առաջին զգալի տեսքը դալարապատ շրջակայքն է։ Առաջնորդարանը կը գտնուի այնպիսի ձորի մը մէջ, որուն վերեւի բնութիւնը արդէն իսկ կը ներկայանայ իր ծառերով ու ողջ բնութեամբ։ Իսկ առաջնորդարանի համալիրի պարտէզը միութիւն կը կազմէ արտաքին գեղեցկութեան հետ, երբ ձայնը կը լսուի նաեւ մերձաւոր Վանաձոր գետին եւ թռչուններուն։