«ՏՐՏՈՒՄԵՐԵՍ ՄԻ՛ ԸԼԼԱՔ…»
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս Իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին բազմաթիւ քարոզներ խօսեցաւ ժողովուրդին: Քարոզներ, որոնք սովորական քարոզ ըլլալէ անդին կեանքի, ապրելակերպի մարտահրաւէրներ էին, զորս առաջին հերթին Ի՛նք գործադրեց ու ապա թելադրեց մարդոց գործադրել: