«ԱՍՏՈՒԱԾ ԱՆԿԱՐԳՈՒԹԻՒՆ ՉԻ ԿԱՄԵՆԱՐ»
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահոց 13-րդ օրն է:
Պահք պահել չպահելու մէկ այլ երեւոյթը այն է, որ ոմանք ընդհանրապէս կը բացառեն պահք պահել, զայն անկարեւոր եւ անօգուտ համարելով:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահոց 13-րդ օրն է:
Պահք պահել չպահելու մէկ այլ երեւոյթը այն է, որ ոմանք ընդհանրապէս կը բացառեն պահք պահել, զայն անկարեւոր եւ անօգուտ համարելով:
Նստաշրջանը աւարտին հասաւ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը վերադարձաւ իր Աթոռը:
ԳՀԽ քառօրեայ աշխատանքով բազմակողմանի քննարկումներ ծաւալեց: Մայր Աթոռէն հրաժեշտ առնելէ առաջ Նորին Ամենապատուութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին հետ:
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը հիւրընկալեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) նորընտիր պիւրոյի անդամները՝ գլխաւորութեամբ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Հայաստանի պատմամշակութային ամենածանօթ վայրերէն է Սեւանայ վանքը, որ կը գտնուի Գեղարքունիքի մարզին մէջ։ Սեւանի լիճին մօտ կանգնած Սեւանի թերակղզիի վրայ բարձրացած վանական համալիրը, ըստ աւանդութեան 305 թուականին հիմնուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի կողմէ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Երեմիա մարգարէին գիրքին 3-րդ գլուխին մէջ շատ հետաքրքրական բացատրութիւն մը կը գտնենք շնութեան մասին: Շնութիւնը առօրեայ մեր բառապաշարին մէջ համազօր է անբարոյութեան, պոռնկութեան
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ այս օրերուն Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանին կը մասնակցի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, երէկ, Մայրավանքի համալիրէն ներս մասնակցեցաւ Արեւագալի արարողութեան, որուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այս օրուան Սուրբ Գիրքին ընթերցումներուն մէջ կը կարդանք. «Քանզի բոլոր ժողովուրդները՝ ամէն մէկը իր աստուծոյն անունովը կը քալէ, բայց մենք յաւիտեանս յաւիտենից մեր Տէր Աստուծոյն անունովը պիտի քալենք» (Մք 4.5): Ճշմարտութիւն մը, որ մինչեւ այսօր ի զօրու է տակաւին:
Հայ Եկեղեցւոյ համաշխարհային երիտասարդաց միաւորման (ՀԵՀԵՄ) Եւրոպայի տարածաշրջանային ֆորումը անցեալ շաբթուան մէջ տեղի ունեցաւ երկու փուլով։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, այս հաւաքները կազմակերպուեցան՝ գլխաւորութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, որ միեւնոյն ժամանակ ՀԵՀԵՄ-ի հոգեւոր առաջնորդն է։
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մասնաւոր զրոյց մը ունեցան ԳՀԽ-ի նստաշրջանէն առաջ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ժողովներուն ընթացքին օրակարգի վրայ են եկեղեցա-վարչական, իրաւական ու կանոնական նիւթեր:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այս օրուան Սուրբ Գիրքի ընթերցումներուն մէջ կը կարդանք. «Տիրոջը պէս սուրբ չկայ, քանզի քեզմէ զատ ուրիշ մը չկայ ու մեր Աստուծոյն պէս վէմ չկայ» (Ա. Թգ 2.2): Այս ճանապարհորդութեան համար ինչ տեղին հաստատում՝ «Տիրոջ պէս սուրբ չկայ». «Անկէ զատ ուրիշ մը չկայ» եւ «մեր Աստուծոյն պէս վէմ չկայ»: