ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄՇՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻ ԵՐՐՈՐԴ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հիւրընկալմամբ, վերջին օրերուն Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու Եւրոպայի մշտական խորհրդաժողովի 3-րդ համագումարը։ Վիեննայի Ս. Հռիփսիմէ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ համալիրէն ներս տեղի ունեցան ժողովները՝ գլխաւորութեամբ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի։
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ վերջին ամիսներուն Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմին մէջ կը գտնուի, շաբաթավերջին այցելեց Պոսթոն՝ օրհնութեամբ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանի։ Հայր սուրբը Պոսթոնի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահոց շրջանը խոկումներով կ՚արժեւորուի Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանէն Տ. Փաիսիոս Եպիսկոպոսին այցելութիւնը։ Հարկ է նշել, որ երիտասարդ եպիսկոպոսը տակաւին նոր օծուած ու ձեռնադրուած է։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Չեխիոյ նորանշանակ դեսպան Փեթըր Փիրունչիքը։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը նորանշանակ դեսպանին մաղթեց բեղմնաւոր եւ արդիւնաւէտ առաքելութիւն։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ֆրանսայի նախկին վարչապետներէն Էտուար Ֆիլիփ վերջին օրերուն այցելեց Հայաստան։ Երեւանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուելու առընթեր, Էտուար Ֆիլիփ այցելեց նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր ընդունուեցաւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ։