ԱՆՀԱՄԱՐԺԷՔ ՔԱՅԼԵՐՈՒ ԴԷՄ ԱՀԱԶԱՆԳ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ «Գաւիթ» հարթակին հանդիպումը, որ կազմակերպուած էր «Հայաստան եւ Արցախ. գոյաբանական մարտահրաւէրներ եւ յաղթահարման ուղիներ» նիւթով։ Այս հարթակը կը համախմբէ հոգեւորականներ, հասարակական գործիչներ, մասնագիտական ու փորձագիտական շրջանակներէ ներկայացուցիչներ։ Հարթակի հանդիպման ժամանակ բազմակողմանի քննարկման առարկայ դարձան Հայաստանի առջեւ ծառացած հիմնախնդիրներն ու առկայ սպառնալիքները՝ ամբողջ հայաշխարհէ ներս բարձրաձայնուած մտահոգութիւններու լոյսին տակ։ Քննարկումներէ վերջ հարթակը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ, որու բովանդակութեան մէջ խիստ մտահոգիչ նկատուեցան առկայ ծանր իրավիճակին դէմ յանդիման Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու անհամարժէք դիրքորոշումներն ու գործողութիւնները, ազգային ներքին կեանքի ատելութեան ու թշնամանքի դրսեւորումները։
«Գաւիթ» հարթակը կոչ կ՚ուղղէ, որպէսզի հայութեան լայն շրջանակները պատասխանատուութիւն ստանձնեն հայրենիքի եւ հայոց պետականութեան ապագային համար՝ համախմբըւելու Հայաստանի, հայոց ինքնութեան պահպանութեան եւ ապրելու իրաւունքի պաշտպանութեան գաղափարական առանցքին շուրջ եւ համընդհանուր ջանքերով կասեցնելու շարունակական պարտութիւններու եւ ձախողումներու կործանարար շղթան։