ԻՆՔՆԱՔՆՆՈՒԹԵՆԷ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի եկեղեցիներու թաղականութեանց, դպրաց դասերու, տիկնանց յանձնախումբերու, կիրակնօրեայ վարժարաններու եւ աղքատախնամ մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Կիլիկեան Աթոռի «Սփիւռքեան տարի» ծրագրի շրջագիծէն ներս «Ինքնաքննութենէ վերակազմակերպում» կարգախօսով կազմակերպուած հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդարանի համալիրէն ներս։
Իր խօսքին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ, որ սփիւռքի բոլոր գաղութները հրամայական անհրաժեշտութիւնը ունին՝ վերանորոգման, վերակենսաւորման, վերակազմակերպման ու վերակառուցման։ Արդարեւ, ներկայ յարափոփոխ աշխարհին մէջ հայկական գաղութները կոչուած են համապատասխան ձեւով իրենց կեանքը վերարժեւորելու եւ վերաքննութեան ենթարկելու։ «Չենք կրնար անտեսել մեր շրջապատի փոփոխութիւնները, որովհետեւ մենք մաս կը կազմենք ընկերութեան», ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս։