ԳԻՒՏ ԽԱՉԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Գիւտ Խաչի տօնին առթիւ երէկ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ խօսեցաւ քարոզ մը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Լեւոն Սրկ. Գույումճեան, Միսաք Սրկ. Չամեափան եւ այդ դպիրներ։

Օրուան քարոզին մէջ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան անդրադարձաւ տօնի պատմականին ու խորհուրդին։ Իր խօսքով՝ Ս. Խաչի գիւտը եկեղեցւոյ պատմութեան կարեւորագոյն դէպքերէն մին է, ինչ որ իրականացած է հաւատի մղումով ու հրաշքի զօրութեամբ։ Քարոզիչ հայր սուրբը շեշտեց, որ յատկապէս աշխարհիկ ալեկոծումներու փուլերուն՝ պէտք է առաւել խոնարհիլ Ս. Խաչի խորհրդաւոր ներկայութեան առջեւ եւ ապաւինիլ անոր։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2023