ԴԷՊԻ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Կը տեղեկանանք, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ներկայ շաբթուան երկրորդ կէսին Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքով պիտի մեկնի Հայաստան։
Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Անգլիոյ թեմի հաստատման 100-ամեայ յոբելեանը երէկ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Լոնտոնի մէջ։ Այս առթիւ, Լոնտոնի Ս. Սոֆի յոյն ուղղափառ մայր տաճարին մէջ գոհաբանական Ս. Պատարագ մատոյց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը։
Գահիրէի մերձակայ Անպա Պիշոյ վանքին մէջ ներկայ շաբթուան առաջին կէսին տեղի ունեցաւ Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի, Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Եփրեմ Բ. Պատրիարքի եւ Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Թաւատրոս Բ. Պատրիարքին հանդիպումը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն (ԱՄԷ) պատուիրակութիւն մը։ Այսպէս, սոյն պատուիրակութեան գլուխը կը գտնուէր Շարժայի Ժառանգութեան կաճառի նախագահ տքթ. Ապտիւլազիզ էլ Մուսալլամ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ. «Պէտք է բանալ եկեղեցական դռները, որպէսզի երիտասարդները տեսնեն, թէ այնտեղ սէր կայ»:
Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ այս շրջանին ուսման համար կը գտնուի Նիւ Եորքի Ս. Ներսէս ընծայարանին մէջ, երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագ մատոյց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդանիստ Ս. Վարդան Մայր տաճարի երդիքին տակ, ուր խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի նախագահութեամբ Ս. Պետրոսի տաճարին մէջ նախընթաց օր երեկոյեան տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն մը, որ ձօնուած էր Վատիկանի Բ. ժողովի բացման 60-ամեայ յոբելեանին։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Արեւելքի Ասորի Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս-պատրիարք Մար Աւա Գ. Ռոյէլին։ Երկու հոգեւոր պետերը ողջագուրուեցան ջերմօրէն։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը օրհնութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Երեւանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած 92-րդ համագումարի պաշտօնական բացման արարողութեան ընթացքին։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանը արդէն թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 10-ամեակը։ Այս յոբելեանին առթիւ վերջին օրերուն Մայրավանքէն ներս տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը։