ՍԻՆՈԴԻ ԱՌԱՋԻՆ ՓՈՒԼԸ
Վատիկանէ ներս ընթացքի մէջ է Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ սինոդի ժողովը։ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Քահանայապետին՝ իր տեսակին մէջ 16-րդ այս վեհաժողովը կը համախմբէ կաթողիկէ կարտինալներն ու եպիսկոպոսները։ Ներկայ ամսուան սկիզբին պաշտօնապէս բացուած նստաշրջանի առաջնահերթ նիւթերն են՝ հաղորդութիւնը, մասնակցութիւնն ու առաքելութիւնը։ Սինոդի պաշտօնական ձեւաչափով առաջին փուլը կ՚եզրափակուի այս շաբաթավերջին՝ հոկտեմբերի 29-ին։ Երկրորդ փուլը նախատեսուած է յաջորդ տարի։ Այս անգամուան առանձնայատկութիւնն է, որ աշխարհականներ ալ կը գտնուին ժողովականներու շարքին։
Աշխարհի զանազան եկեղեցիներէ ներկայացուցիչներու առընթեր, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի անունով սինոդին կը մասնակցի՝ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։ Սինոդի օրերուն Նորին Սրբազնութիւնը աշխատանքային մթնոլորտի մէջ սերտօրէն կը շփուի Սրբազան Պապին, Վատիկանի պետական քարտուղար Մոնս. Փիեթրօ Փարոլինի եւ այլ կաթողիկէ բարձրաստիճան եկեղեցականներու հետ։
Հարկ է յիշեցնել, որ Սրբազան Պապը սինոդի օրերու պատգամներուն մէջ զանազան առիթներով անդրադարձաւ նաեւ Արցախի ու անոր տարհանեալ բնակչութեան ծանր կացութեան։