ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՆԵՐՆ ՈՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐԸ ՆԱՄԱԿ ՄԸ ՈՒՂՂԵՑԻՆ ԵԱՀԿ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Եւրոպայի երկիրներու հայրապետական պատուիրակներն ու առաջնորդները հանդիպում մը ունեցան ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Հելկա Շմիտի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ հոկտեմբերի 25-ին, Վիեննայի մէջ, ուր կը գտնուի ԵԱՀԿ-ի կեդրոնատեղին։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգի հաղորդումներով, հանդիպման մասնակցեցան Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Տաթեւ Եպսկ. Յակոբեան, Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեան եւ Կեդրոնական Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Տիրան Եպսկ. Պետրոսեան։

Հանդիպման ընթացքին սրբազանները ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին փոխանցեցին Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքները։ Անոնք ներկայացուցին Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ ձեռնարկուած աշխատանքները՝ ուղղուած տարածաշրջանային խաղաղութեան, Արցախէն բռնի տեղահանեալ հայերու կարիքներու դիմագրաւման եւ իրաւունքներուն պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ պատմամշակութային ու կրօնական ժառանգութեան պահպանութեան։

Սրբազանները ընդգծեցին, որ թէեւ Եւրոխորհրդարանը դատապարտած է Արցախի հայոց դէմ սարսափելի յանցագործութիւնները, իսկ շարք մը երկիրներ բանաձեւերով դատապարտած են Ատրպէյճանի ցեղասպանական գործողութիւնները, սակայն, Պաքու առ այսօր կ՚անտեսէ միջազգային հանրութեան կոչերն ու որոշումները։

Հոգեւոր առաջնորդները շեշտեցին, որ ժամանակն է, որպէսզի Ատրպէյճանի իշխանութիւններու որդեգրած քաղաքականութեան ի պատասխան եւ Արցախի հայերու դէմ էթնիք զտումներու՝ միջազգային հանրութիւնը պատժամիջոցներ կիրառէ Ատրպէյճանի դէմ՝ կանխելու համար անոր ռազմատենչ քաղաքականութեան ապագայ դրսեւորումները։ Ատրպէյճանի նման կեցուածքը առիթ պէտք է դառնայ, որպէսզի Եւրոմիութիւնը վերագնահատէ անոր հետ իր փոխյարաբերութիւնները, ձեռնարկէ ռազմական յանցագործութիւններու մանրակրկիտ հետաքննութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային երաշխիքներ ստեղծէ՝ Արցախի տեղահանեալ հայերու վերադարձը ապահովելու համար իրենց պատմական հայրենիքը, անվտանգ կեանքով ու կենսագործունէութիւնով հանդերձ։

Հելկա Շմիտ վստահեցուց, թէ ԵԱՀԿ-ը եւ անձամբ ինք հնարաւոր ամէն ինչ կ՚ընեն՝ նպաստելու համար տարածաշրջանէն ներս արդար ու յարատեւ խաղաղութեան հաստատման՝ ներառեալ Արցախի ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքն ու իր բնօրրանէն ներս անվտանգ կեանքը։ Ընդհանուր քարտուղարը հաւաստիացուց, նաեւ թէ ԵԱՀԿ պիտի շարունակէ իր աջակցութիւնը բերել ի նպաստ տեղահանեալներու մարդասիրական ու հոգեբանական կարիքներու հոգածութեան։

Հուսկ, սրբազանները Հելկա Շմիտին փոխանցեցին Եւրոպայի բոլոր առաջնորդներուն անունով նամակ մը, որուն մէջ ամփոփուած հիմնական կէտերը քննարկման նիւթ դարձան նաեւ Վիեննայի հանդիպման ընթացքին։

ՀԻՒՐԵՐ

Մինչ այդ, Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Գերմանիոյ Կարմիր խաչի Պատէն-Վիւրթենպերկ երկրամասի մասնաճիւղի նախագահ Պարպարա Պոշի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։

ԿԱՐԵՒՈՐ ԴԵՐ

Միւս կողմէ, Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փեթեր Սիարթօ երէկ Երեւանի մէջ յայտարարեց, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցին շատ կարեւոր դեր մը խաղացած է իր երկրի եւ Հայաստանի միջեւ կապերու վերահաստատման ուղղութեամբ։ Սիարթօ երէկ այցելեց նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2023