Արխիւ

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դարերու ընթացքին Աստուած յաճախ վկաներ գործածած է, որպէսզի եթէ մարդիկ Իր ճշմարիտ եւ անսխալական Խօսքին չհաւատան, գէթ վկաներուն վկայութեան հաւատան։ 

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայ գրող եւ մտաւորական Նշան Պէշիկթաշլեան հակակրանք մը ունէր հայ կուսակցութիւններուն հանդէպ եւ կը հաւատար, որ անոնք մեր իրականութեան մէջ ստեղծուած են ազգութիւն պաշտպանելու անուան տակ սեփական շահեր հետապնդելու եւ ան այս մէկը իր առօրեայ յօդուածագրութիւններուն մէջ բացայայտ ձեւով կը յայտնէր։

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2026

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու՝ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Սարօ Սիրականեանը, վարչայիններէն Նորեկ Տատըրօղլուն եւ խմբավար Սիպիլ Արսէնեանը։

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2026

Երէկ, սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Յակոբ Այնթապլեան հիւրընկալուեցաւ Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Յակոբ Այնթապլեան, որ այս օրերուն քաղաքիս մէջ կը գտնուի, Մխիթարեան վարժարանէն ներս հաճելի զրոյց մը ունեցաւ աշակերտութեան հետ։

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2026

Հանրապետութեան նախագահը ընդունեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը. քննարկուեցան համայնքի օրակարգային հարցերը:
Նորին Ամենապատուութիւնը Էրտողանի նկատառման յանձնեց մանաւանդ՝ Իսքենտէրունի եւ Տիարպաքըրի եկեղեցիներու վերանորոգման առկայ խնդիրները:

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2026

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Բոլոր պատերազմներուն մէջ, թերեւս, ամենէն անտանելի ու ամենէն դժուար ընդունելի կորուստը երեխաներու մահն է։ Զինուորը գիտէ, որ պատերազմի կ՚երթայ, մեծահասակը կրնայ հասկնալ վտանգին գոյութիւնը, բայց մանկութիւնը երբեք պէտք չէ դառնայ նշանառութեան թիրախ։ 

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2026

Երկասիրեց՝ ԿԻՒՐԻՒՆՑԻ Տ. ԽՈՐԷՆ
ՔԱՀԱՆԱՅ ՔԻԶԻՐԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

1. Քանի՞ հատ են Եկեղեցւոյ խորհուրդները, որո՞նք են: 2. Ի՞նչ կը նշանակէ խորհուրդ: 3. Ինչո՞ւ Ս. Խորհուրդ կ՚ըսենք: 4. Քանի՞ տեսակ է: 5. Ինչէ՞ն յայտնի է եօթը հատ ըլլալը:

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Միջին դարը շատ երկար ժամանակամիջոց մը կ՚ամփոփէ իր մէջ, 476-էն եւ կամ 568-էն կամ նոյնիսկ 700-էն մինչեւ 1492, եւ կամ 1517. շուրջ տասնեակ մը դարեր։ Միջին դարը ծնունդ կ՚առնէ Հռովմէական կայսրութեան աւերակներուն վրայ։ 

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր թուականէն աւելի քան 90 տարիներ առաջ՝ 1932-1934 թուականին, «Պայքար» թերթին մէջ գրասէր մը կը խոստանայ նիւթական պարգեւ տալ «Ինչպէ՞ս պէտք է ցեղային գիտակցութիւնը մշակել նոր սերունդին մէջ» հարցումին պատասխանողին։

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2026

Պելժիոյ համայնքէն ներս վերջին օրերուն յատկանշական իրադարձութեան մը վերածուեցաւ՝ նոր սերունդին ուղղեալ կազմակերպուած ճամբարը։ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանի հովանաւորութեամբ եւ գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ այս ճամբարը, որ կազմակերպուած էր երկրի հայկական եկեղեցական համայնքին ջանքերով։

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2026

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) շնորհաւորական մը ուղարկեց Հայաստանի վերընտրեալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան՝ շաբաթավերջին տեղի ունեցած ընտրութիւններու արդիւնքով տարուած յաղթանակին կապակցութեամբ։

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2026

Հայաստանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութեան արդիւնքը կը մեկնաբանուի նաեւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի ապագային տեսակէտէ։ Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ այս փուլին դրական պատգամներու փոխանակումը կը շարունակուի։

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2026

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Ռաֆֆի Գրիգորեանն ու գործակից ընկերները: Հանդիպման ներկայ էր Տ. Եղիշէ վրդ. Ուչքունեան:

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2026

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց «Յոյս» միութեան ներկայացուցիչները: Վարչութեան ատենապետ Լեւոն Եըլտըրըմեան եւ գործակից ընկերները, ինչպէս նաեւ Մայր Գայիանէ Տուլքատիրեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ներկայացան՝ իրերօգնութեան եւ համագործակցութեան հարթակի մը ձեւաչափով գործունէութեան ձեռնարկած այս միութեան վերջին շրջանի աշխատանքներուն շուրջ տեղեկութիւններ ներկայացնելու առաջադրութեամբ:

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2026

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ, վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն տարեվերջի հանդէսը: Հարկ է նշել, որ դպրոցը մանկապարտէզի երեք դասարան ունի:

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2026

Երէկ, շաբաթավերջին կազմակերպուած աւանդական բաժակի օրուան ի շարունակութիւն՝ Էսաեան վարժարանի այս տարուան յոբելեար շրջանաւարտները դարձեալ համախմբուեցան պատմական կրթօճախի համալիրէն ներս:

Երկուշաբթի, Յունիս 8, 2026

Երէկ, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան թաղի Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի տարեդարձի աւանդական տօնակատարութիւնները։ Այսպէս, դպրաց դասու հիմնադրութեան 323-րդ, իսկ երգչախումբի կազմութեան 88-րդ տարեդարձները նշուեցան՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։

Երկուշաբթի, Յունիս 8, 2026

Շաբաթավերջին, Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան անուան տօնախմբութիւն՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան արքեպիսկոպոս Մաշալեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։

Երկուշաբթի, Յունիս 8, 2026

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Չի բացառուիր, որ Հայաստանի գործող վարչապետը առաջինը շնորհաւորեն՝ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ։

Երկուշաբթի, Յունիս 8, 2026

Հայաստանի Հանրապետութենէն ներս նոր շրջանի մը սկիզբը դրաւ երէկուան խորհրդարանական ընտրութիւնը, որուն մասնակցեցաւ ընտրողներու 58,97 տոկոսը: Քուէարկութեան արդիւնքով բացարձակ յաջողութիւն մը արձանագրեց «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, որուն պիտի վիճակի երկրի ապագան հունի մէջ դնելու ծանր պատասխանատուութիւնը:
Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնը միանշանակ ամրապնդուեցաւ՝ ժողովրդական յենարաններու աննախընթաց հզօրացմամբ: Վարչապետին գլխաւորութեամբ պիտի ձեւաւորուի յառաջիկայ կառավարութիւնը, որ Ազգային ժողովի երդիքին տակ միահեծան մեծամասնութիւն պիտի ունենայ՝ ապահոված ըլլալով ձայներուն շուրջ կէսը:

Էջեր