ԱՏՐԻՆԷ ՏԱՏՐԵԱՆ (1913/1915 - 2002)

Գրող, արձակագիր, թատերագիր ու բանաստեղծ Ատրինէ Տատրեան ծնած է 1913 թուականի դեկտեմբերի 26-ին, Սեբաստիոյ նահանգի Չորում գիւղը։ 

Իր նախակրթութիւնը ստացած է Տատեան եւ Արամեան-Ունճեան վարժարաններէն ներս: 1926-ին, աւարտած է Արամեան վարժարանի ուսումը, որմէ ետք մէկ տարի յաճախած է Գատըգիւղի Նոթըր Տամ տը Սիոն ֆրանսական քոյրերու վարժարանը: Աշակերտած է Սիպիլի: 

Վիեննայի ու Պերլինի համալսարաններէն ներս հետեւած է դասընթացքներու: 

Մէկ տարի որպէս ուուցչուհի պաշտօնավարած է Արամեան-Ունճեան վարժարանէն ներս: 

Բագարատ Թեւանի հետ եւ օժանդակութեամբ Արմէնուհի Էօզէրի, 1945 թուականէն մինչեւ 1968 թուականը հրատարակած է «Պարտէզ» մանկապատանեկան հանդէսը:

Աշխատակցած է մի քանի պոլսահայ եւ սփիւռքահայ թերթերու եւ պարբերականներու. ինչպէս՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի, «Քուլիս»ի, «Մարմարա»ի, «Նոր Լուր»ի եւ այլն: 

Հեղինակ է մանկական թատերախաղերու եւ դասագիրքերու: 

Իր գրիչին արգասիքն են մի քանի վէպեր. 

* «Հայրը» (որպէս թերթօն հրատարակած է «Նոր Լուր» օրաթերթին մէջ): 

* «Մայթերու վրայ» (1955): 

* «Գեհենի ճամբուն վրայ» (1966): 

* «Չորրորդ մը կը փնտռուի» (1971): 

Սմբատ Փանոսեանը այս հատորը գրախօսած է, ուր կը կարդանք. 

«Չորրորդ մը կը փնտռուի» վէպին նիւթը առնուած է Փարիզէն: Տիպարները կը խոստովանին ըլլալ զգայուն հայեր, ներշնչուած՝ հայաստանեան իրականութեամբ, սակայն խորքին մէջ հարազատ ծնունդն են եւրոպական ազատամիտ բարոյականին: Վիպելու կերպին մէջ, Ատրինէ Տատրեան ազդուած կը թուի ըլլալ Ինտրայի «Ներաշխարհ»էն, կամ Զապէլ Եսայեանի «Հոգիս աքսորեալ»էն, թէեւ հպանցիկ: Ոճն ու պատմումի միջոց ծառայող լեզուն կը սիրեն բառախաղը, գիտեն գծել աղուոր պատկերներ, լինել ֆիզիքական կառոյցը տիպարային շէնքի մը: Սակայն օրինազանց են անոնք, իրենց փութկոտութեան մէջ, երբ կանչուած են հոգեկան կամ մտային բարդոյթներ խորացնելու աշխատանքին: Հոս կը զգացուի շատ աղօտ, թոյլ ու տժգունած երանգ մը շահնուրեան ծեքծեքուն, բայց աղաւաղուած ոճէն: Այս հեռաւոր կապերէն դուրս, Ատրինէ Տատրեանին կը պատկանի դրական եւ ժխտական վիճակներու, զիրար հրմշտկելով ետ-առաջ վազող, դէմ առ դէմ պայքարի ելլող հոգեկան եւ զգացական խաղերու մենաշնորհը: Ընթերցողին կը մնայ կայսերական մատին շարժման իրաւունքը՝ վեր կամ վար ընելով, նպաստաւոր կամ աննպաստ վճիռ արձակելուն մէջ…: 

«Չորրորդ մը կը փնտռուի» վէպին կը պակսի գործողութեան զգայարանքը. կը մերժէ դասական վէպին կառոյցը, կը ձգտի նորարարութեան ժամանակի անիշխանական գրելակերպին. աղիւս առ աղիւս բարձրացուցած շէնքի մը տպաւորութիւնը կը գործէ ընթերցողին վրայ: Բայց ունի պատմումի ինքնատիպ ոճ մը, որ եթէ սեղմումներու ենթարկուէր, «Չորրորդ մը կը փնտռուի» կրնար յաջողութիւն մը ընդունիլ սփիւռքեան վէպի կալուածէն ներս: Գրուեցաւ արդէն գրախօսականին սկիզբը, թէ Ատրինէ Տատրեան տուած է յաջողած պատկերներ, փոխաբերական վիճակներու հարուստ երեւակայութիւն, ոճային բառախաղի շնորհ: Վէպը կը տառապի գործողութեան եւ բանաւոր խօսքի արտայայտչական միջոցներէն. երբեմն նոյն տողին մէջ տրուած են երկու տիպարներու մտածումները, որմէ չ՚ախորժիր աւանդական վէպի մը գրելաձեւը: Գիրքը կարդալու համար համբերութիւն պէտք է, նմանօրինակ պատմումի մը ընդմէջէն նիւթին կորիզը որոնելու համար. եւ այդ կորիզը, ի ցաւ ընթերցողին, միշտ փախուստի մէջ է մինչեւ գիրքին աւարտը։ («Բագին», ԺԷ. տարի, թիւ 6, յունիս, 1978, Պէյրութ, էջ 69, 70):

* «Հեղինակ կեցի՛ր» (1980): 

Այս վէպը Երուանդ Կոպէլեան գրախօսած է, ուր կը կարդանք. 

Նորօրինակ գործ մըն է «Հեղինակ, կեցի՛ր»ը, զոր վէպ կոչած է Ատրինէ Տատրեան, հակառակ անոր, որ իրականութեան մէջ հոգեվերլուծական փորձ մըն է ան, երեւակայական դէմքերով ու դէպքերով, զորս ընթերցողի ուշադրութեանը կը յանձնէ հեղինակուհին, գրքին մուտքին իսկ, ձեւով մը՝ տան դրան առջեւ իսկ այցելուն ներսը տեսնելիքներուն ու լսելիքներուն պատրաստող տանտիրուհիի մը նման: Հասկնալի են Ատրինէ Տատրեանի ցուցաբերած զգուշաւորութիւնն ու փափկանկատութիւնը, քանի իսկապէս տեղ-տեղ այնքան ցնցիչ ու շշմեցուցիչ է այս երկը, գոնէ մեզի, որոշ բաներով նախապաշարուած ու պայմանաւորուած հայ ընթերցողներու համար, որոշ տարազներու վարժուած եւ անոնցմով միայն գոհացում ու յագեցում գտնելու սահմանուած: Յանդուգն քայլ մը, զոր կ՚առնէ Ատրինէ Տատրեան, քայլ մը սակայն, զոր անպայման պէտք էր առնել, աւելի հանգիստ եւ ապահով կարենալ յաջառանալու համար, ո՛չ պայմանաւորութեան ճամբէն եւ իրականութիւնն ու ճշմարտութիւնը միայն իբրեւ թիրախ ու նպատակակէտ առած: Ասիկա ձեւով մըն ալ անուրանալի եւ անհերքելի պահանջքն է, պէտք է ըլլայ, առողջ գրականութեան մը, եթէ կ՚ուզենք, որ ապրի ան եւ կատարէ իրեն վերապահուած դերն ու պարտականութիւնը հաւաքականութեան մէջ: Արդարեւ, հակառակ անոր որ առաջին ակնարկով յանդուգն եւ նոյնիսկ որոշ չափով զարտուղի պիտի թուի «Հեղինակ, կեցի՛ր»ը՝ հայ ընթերցողին, իրականութեան մէջ սակայն՝ անկեղծ ընթերցողը անպայման պիտի խոստովանի ինքն իրեն, թէ ասիկա ի՛ր ալ ներքին ձայնն է, անխոստավան զգացումները՝ միեւնոյն ատեն, զոր դրսեւորելու քաջութիւնն ու համաձրակութիւնը չի կրնար գտնել իր մօտ: Ատրինէ Տատրեան ահա այդ քաղաքացիական արիութիւնն է զոր կը ցուցաբերէ՝ մարդկային ենթագիտակցութեան պաստառը բանալով իրապաշտութեան լոյսին տակ, հոգ չէ, թէ կանխապէս ճշդելով, որ բոլոր դէմքերն ու դէպքերը երեւակայական են: Ի՞նչ փոյթ սակայն, երբ այս բոլորը աննշան տարբերութիւն մը միայն կը բերեն բացարձակ իրականութեան: Մարկոսը կ՚ընդունինք իբրեւ Կիրակոս, Սօնան՝ Սօսի կամ Ժանը՝ Միշէլ, Քարլը՝ Հայնց եւ ահա ամէն ինչ կը գտնէ իր իսկական ու հարազատ տեղը՝ մեր շրջապատին մէջ եւ առօրեայ կեանքին, քիչ մը ամէն տեղ: Արդէն, զարմանալիօրէն՝ այս հատորն ալ, ինչպէս կը նշէ հեղինակուհին գրքին վերջաւորութեան, սկսուած է Հռոմի մէջ՝ 1975-ին, ամբողջացուած 1975-ին՝ Նիսի մէջ ու վերամշակ-ւած եւ աւարտած 1978-ին:

Ամէն մարդ պէտք է լուռ խոստովանի, որ առաւել կամ նուազ չափով՝ հերոսն ու հերոսուհին է ձեւով մը Ատրինէ Տատրեանի այս վէպին, եթէ նոյնիսկ բարձրաձայն աղաղակէ իր բողոքը կամ ընդվզումը՝ զայն կարդալէ վերջ աւելին, եթէ անգամ փորձէ զայն յայտարարել անհեթեթ ու անճշմարիտ, ամէն բանէ առաջ ձեռքը իբրեւ պինդ ու ապահով փաստ բռնած՝ երկու տողերը հեղինակուհիին, խոստովանող՝ թէ ամէն ինչ երեւակայական է եւ պնդէ, թէ բացարձակ ճշմարտութիւն կը ներակայացնէր: 

Ըսինք, սակայն, թէ այս հատորը քիչ մը մեր բոլորին ենթագիտակցութեան ցոլացումն է, դրսեւորումը՝ մեր ծածուկ մնացած կարգ մը զգացումներուն ու նկատումներուն, որոնցմէ շատերուն գոյութիւնն իսկ կ՚անգիտանանք գուցէ եւ որոնց առաջին անգամ կը հանդիպինք հոն, սակայն կը ճանչնանք զանոնք՝ առաջին իսկ ակնարկով, իբրեւ հարազատներ, հոգ չէ թէ երբեմն այդ մէկը ըլլայ… ապօրինի զաւկի մը ընդունումին պէս, հարկադրուած եւ անճար ճանաչումը անոր պարագայ՝ որ ոչինչ կը պակսեցնէ սակայն արենակցական կապերէն ու նաեւ, եւ մանաւանդ, ժառանգականութենէն, ապագային հայող։

(«Քուլիս», կիսամեայ գրական գեղարուեստական հանդէս, 35-րդ տարի, 15 յուլիս 1981, Պոլիս, էջ 14-16):

Իր հեղինակած մանկական թատերգութիւնները հրատարակուած են երեք հատորներու մէջ՝ «Մանկապատանեկան թատերախաղեր» վերնագրին տակ: Տատրեանի մանկական թատերգութիւններու մեծ մասը ներկայացուած են Պոլսոյ մէջ: 

1955-ին, իր «Յարդի շիւղեր հոսանքի վրայ» թատերախաղը, շահած է Եգիպտոսի գրական, թատերական մրցոյթին առաջնութիւնը:

Իր հեղինակութիւնն են նաեւ «Մարդը մարդ ընելու համար», «Պանդոկին սենեակները», «Վանօ եւ Մարօ» թատերգութիւնները:

Ատրինէ Տատրեան ունի նաեւ բանաստեղծական հատորներ: Այսպէս. 

* «Հրդեհ կայ մարեցէ՛ք»:

* «Մարդ մը եւ աշխարհ մը»: 

Տատրեան ունի նաեւ յուշագրութիւններու հատոր մը՝ «Կեանքի մէջէն. Իմ եւ ուրիշներու կեանքը» վերանգիրով: Մէկ այլ յուշագրութեան հատոր մըն է «Մարդկային ցուցահանդէս»ը, ուր արձանագրած է Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի (1939-1945) տպաւորութիւնները: 

Ատրինէ Տատրեան 1967-ին անցած է Ֆրանսա: Սկիզբը ապրած է Փարիզի մէջ եւ ապա, 1974 թուականին հաստատուած է Նիս քաղաքին մէջ, ուր մահացած է 2002 թուականի փետրուարի 21-ին:

***

Ներկայացնենք գրութիւններ Ատրինէ Տատրեանէն: Առաջինը բանաստեղծութիւն մը: 

ԻՐԻԿՈՒՆ

Կ՚ապրիմ այս պահը ես
Իրիկուն է լոյս ստուեր
մարդն իր եսին մէջ
բնութիւնը իր մեծութեամբ հզօր:

Կ՚ապրիմ այս պահը ես
թափուեր են բոլոր
փոշիները սրտերէ
յոգնութեան ծարաւն է
տեղատուութեան պէս
բարձրացած…:

Կ՚ապրիմ այս պահը ես
եթէ ունենամ…
ճամբայ լայն
պողոտան է լի
մարդերով…
մարդերու ոտքին տակ յոգնած
Մարդը՝… բանուոր մը ահա
հաց մը շալկած
պողոտային վրայ յոգնած
կ՚երթայ տուն
կամ տեղ մը կայուն:

Կ՚ապրիմ այս պահը ես
ստուերներ կը շարժին
ստուերներու մէջ մարդոց…
քար մը կոպիտ, մարդուն…
որուն ուսն է հիմա ազատ… 
ձեռքին մէջ շիշ մը,
քար մը կոպիտ, արիւնեց ոտքը… 
շիշին արիւնը գրկեց
գնաց տուն… զայն խմելու:

Կ՚ապրիմ այս պահը ես
ձի մը ահա կարմիր գոյնով
քամակին հեծեր է 
վերջին ծոպը օրուան
օրերով ծոպաւոր… 
քնանալ կ՚երթայ ան…

Կ՚ապրիմ այս պահը ես խաղաղութեան… 
վերընձիւղումն է կարծես
լռութեան մէջ հանգչած…
Վաղը ամէն բան պիտի նորէն 
Յոգնի…:

Մայիս 4 1959, Ֆէրիգիւղ

(«Պայքար», քաղաքական, ընկերային, մշակութային շաբաթաթերթ, Տարի 1, 29 յունիս 1967, հինգշաբթի, թիւ 8, Կ. Պոլիս, էջ 2):

* Արփինէ Հեռլեան (1913-1989) բանաստեղծութիւն մը գրած է եւ զայն նուիրած Ատրինէ Տատրեանին: Այդ բանաստեղծութեան ի պատասխան Տատրեան իր մտածումները թուղթին յանձնած է: Ստորեւ կը ներկայացնենք թէ՛ բանաստեղծութիւնը եւ թէ Տատրեանի պատասխան գրութենէն հատուածներ:

ՊԱՏՈՒՀԱՆԴ ԼՈՒՍԱՒՈՐ

(Ատրինէ Տատրեանին)

Շատ տարիներ առաջ էր,
Պատուհանդ լուսաւոր
Ամէն գիշեր հեռուէն
Կարծես ինձ աչք կը քթթէր.
Ու գիտէի թէ այնտեղ
Քոյր հոգի մ՚էր որ կ՚ապրէր:
Ու դուն գացիր հեռացար…
Բայց պատուհանդ միշտ հոն էր.
Ամէն գիշեր լուսաւոր
Դարձեալ ինձ աչք կը քթթէr.
Գիտէի որ ալ հոն չես,
Բայց նորէն ալ ինձ համար
Ան լուսաւոր պատրանք մ՚էր:

Այժմ ամէն ինչ փոխուեցաւ
Պատուհանիդ լոյսն յանկարծ
Շէնքով մը բարձր գոցուեցաւ.
Ալ լոյսն ամէն իրիկուն
Աչք չի քթթէր հեռուէն…:

Բարձր շէնքերն այս դարուն
Որքան լոյսեր կը փակեն
Ինչ գեղեցիկ տեսարաններ կը սքօղեն,
Յիշատակներ կը մարեն
Կարգ մը մարդիկ անպատսպար կը ձգեն: 

(«Քուլիս», կիսամեայ գրական գեղարուեստական հանդէս, 33-րդ տարի, 1 ապրիլ 1979, Պոլիս, էջ 23):

***

Սիրելի Արփինէ,

«Քուլիս»ի 775-րդ թիւին մէջ կարդացի փոքրիկ բանաստեղծութիւնդ անունիս ձօնուած: Անուն մը՝ ստուերի վերածուած, ինչպէս ըսել կ՚ուզես: Անուն մը՝ պատուհանին լոյսին կառչած: Պատուհանը այդ լուսաւոր անլոյս, քեզ յիշատակներու կապած: Ատեն մը իրականութիւն, յետո՞յ տեսիլք, ինքնախաբէութիւն, երազ: Նոյնիսկ այդ ամէնը իրականութեան պատրանքով լուսաւորուած: Խորհած ես, որ «լոյսը չի մարիր», եթէ հոն մարի, ուրիշ տեղ մը կը վառի: «Ան լուսաւոր պատրանք մ՚էր», գրած ես մէկ տողով: Ան պատրանք չէր, սիրելի Արփինէ: Այն իրաւ լոյսը, որ կը վառէր հեռաւոր տեղ մը: Ճշմարիտ լոյսը չի մարիր, եթէ իսկ պլպլայ: Յաջորդ տողով «Այժմ ամէն ինչ փոխուեցաւ, պատուհանիդ լոյսը յանկարծ, շէնքով մը բարձր գոցուեցաւ»: Եւ կը շարունակես. «Բարձր շէնքերն այս դարուն, որքան շէնքեր կը փակեն»: Լոյսերը կը փակեն թերեւս, այո, չեն մարիր սակայն, վստահ եղիր: Եւ սակայն դուն, այնքան իրապաշտ, նոյնքան վիպականօրէն գեղեցիկ, տուած ես եզրափակումը: Ճշմարտութեան հոգին հոս է: Հոս կը սկսի - դարուն ոգին: Քաղաքակրթութին, գիտութիւն. յառաջդիմութիւն - պատեր են բարձր եւ ոչ թանձր: Անոնց մէջէն քալելն է քաջութիւն: Երբեմն՝ լոյսերը հեքիաթ կը դառնան, անցնալի մէջէն կու գան, կը լուսաւորեն մոռցուած բաներ, մոռնալ կարծածներդ եւ գունագեղ պատկերի նման աչքերուդ ծիրին շուրջ կը դառնան, կը դառնան: Կ՚ըսես. Ատրինէ մը կար. այդ պատուհանին ետին… հոն կու գային՝ անոնք որ հեքիաթ դարձան հիմա. Գոհարիկ Ղազարոսեան մը կար: Բագարատ Թեւեան մը, Գուրգէն Թրենց մը: Յակոբ Մնձուրի մը: Նուրհան Ռուշան մը: Պետրոս Գույումճեան մը… եւ, եւ: Կը մնաս, կը մտածես, կը մտածես… լոյսը ստուերի կը վերածուի, այդ բոլոր սիրելի դէմքերը մէկ մէկ ուրուականային քայլերով կ՚անցնին լոյսի զիկ զակ ճառագայթները բեկանելով: Ո՛չ, սիրելի Արփինէ, կեանքը անիւի վրայ դնել փոխադրել կ՚ուզենք, բայց չի փոխադրուիր: Երբեմն՝ անիւը չի դառնար. կ՚իւղոտես ատեն մը, եւ կը կենայ նորէն: Յամառօրէն նպատակի մը կը կառչիս, նպատակը քեզմէ առաջ կը յոգնի եւ կ՚ըլլայ՝ աննպատակ: Ի՞նչ յիմար են մարդիկ: Քալէ աննպատակ, քալէ աւելի թեթեւ զգալով ինքզինքդ: Եթէ ուզէ, ան քեզ կը գտնէ: Մէկ ալ տեսեր ես, ամէն բան ուռճացած, արուեստի շքեղանքով լեցուեր, պայթելու աստիճան լեցուեր… երազը իրականութիւն դառնալու վրայ՝ ժամանակը դաւաճաներ դուն մնացեր ես մնացած տեղդ: Եւ կ՚ըսես՝ «ինչ լաւ էր - անցեալին, երբ ամէն բան երազ էր…»: 

Այսպէս կամ այնպէս, սա փոքրիկ բանաստեղծութիւնդ տեղաշարժի ենթարկեց, այս օրերու քարեղէն անշարժութիւնս:

Զգայնութիւնը մէկդի, սիրելիս, հիմա, հոս մանաւանդ [Ֆրանսա], մարդիկ շատ աւելի գերիրապաշտ են - թէեւ, բնաւ չեն գիտեր անոր բուն իմաստը: Բայց քեզի բան մը ըսեմ հաւատա՛, ինչ որ փնտռեցի ԵՒՐՈՊԱ, ափսո՜ս ԱՐԵՒԵԼՔ թողած էի եւ ինչ որ հոն թողած էի - չաւաղեցի՝ ան մի միայն երազ էր, ջերմիկ, մարմինդ գաղջ լոգանքի ենթարկող սէր ու կարօտ, հոս՝ կարծր կեղեւ կապած վէրք, զարմանալի, այդ վէրքը սպիացնել կը ջանաս, այդ ջանքը քեզ աւելի տոկուն, աւելի խստադատ, աւելի ՄԱՐԴ կ՚ընէ: Եւ կ՚ըմբռնես դժուարութիւնը մարդ ըլլալու, մարդու նման գործելու: Թող, մնացեալը ըսի-ըսաւ է: Բան մը որ իրական է, նախապէս ըսեմ անհոգ ըլլաս…, լոյսս միշտ կը վառի: Եւ այս սենեակիս պատուհանը աւելի լայն ըլլալուն, եղածին պէս, ներսէն դուրս կը ժայթքի: Կեցիր, կարգով լսեմ: Սենեակիս առանձնայատուկ դիմագիծ մը տալու համար, զայն յարդարեցի չունեցածներուս ունեցածովը: Օրինակ՝ գրադարան մը շինեցի խաւաքարդէ տուփերով. հոս մայթերը նետուած - շատ են անոնցմէ - սրճագոյն թուղթերով ծածկեցի ներկուածի պատրանք տալով անոնց: Ճիշդ ու ճիշդ - գրաղարան - չունեցած գիրքերովս: 

… 

Լա՛ւ, Արփինէ ջան, վերջացնեմ, շատ եղաւ: Ինծի համար հոգ մի՛ ըներ: Քանի տակաւին կը գրեմ, ծերացած չեմ ըսուիր, ո՜չ ալ հիւանդ: Եւ քանի լոյսս ներսէն դուրս եւ դուրսէն ներս խաղեր կը սարքէ, կ՚աւելցնէ լոյսին հմայքը: Մի՛ վախնար, դեռ կ՚ապրիմ եւ հայերէն կը գրեմ: Մեր պարտականութիւնը ըլլայ, ըսել տղոց -հէ՛յ տղաք, հայ բա՛ռերը շաքար են՝ ծծեցէք, տուրմ են՝ համտեսեցէք, ոկսի են՝ ձեր կուծքին սեղմեցէք: Մի՛ ուրանաք ձեր մայրենի լեզուն: Ան ձեզ երբե՛ք չուրացաւ, չ՚ուրանա՛ր՝ հալածանքի, չարչարանքի ատեն իսկ: 

Սիրելի Արփինէ, կը տեսնե՞ս, մէկ ոտանաւորդ ինչե՜ր գրել ստիպեց ինծի: Խօսքը մէջերնիս, եթէ անգամ մըն ալ ասանկ բան մը գրել ուզես, գաղտնօրէն ինծի գրէ: Որպէսզի, ասանկ չյորդիմ. ափեղցփեղ բաներ գրելով: «Քուլիս»ի ընթերցողները չնեղեմ: Հասկցա՞ր: Բայց մեծապէս կը գնահատեմ քե՛զ, քաջութիւնդ, անվեհեր կեցուածքդ՝ հիւանդութիւններու, ձախողանքի: Մայրիկիդ պահապան էիր… լա՞ւ է մայրդ, կը վախնամ լաւ է ըսելու: Յուսամ լաւ է սակայն: Կը գնահատեմ եւ արուեստի հանդէպ նուիրումդ, անոր ուժով կառչելու կամքդ: Ե՞րբ պիտի տեսնեմ մանրանկարներդ…: Գրէ՛ ինծի, գրէ հոն թէ ո՞ւր են անոնք. ցուցահանդէս չե՞ս տար: Նոր նկարներ ունի՞ս: Կը գրե՞ս: Ըսէ՛, գրէ՛ ինծի: Պատնէշին վրայ, միշտ, չէ՞: Այդպէս կերեւակայեմ քեզ: 

Ցտեսութիւն սիրելի Արփինէ, համբոյրներ: 

ԱՏՐԻՆԷ ՏԱՏՐԵԱՆ

Նիս

(«Քուլիս», Կիսամեայ գրական գեղարուեստական հանդէս, 33-րդ տարի, 1 հոկտեմբեր 1979, Պոլիս, էջ 6-8):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Յունիս 13, 2026