Արխիւ

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2026

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ կը շարունակուին սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքները։ Բաց աստի, Ատրպէյճան աւարտած է խաղաղութեան համաձայնագրի վերջնական համաձայնեցման իր բաժինը։

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2026

«Սահմանադրութեան փոփոխութեան օրակարգը ներառուած է մեր նախընտրական ծրագրին»:
Ըստ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանի՝ սա կառավարութեան տեսակէտէ քաղաքական պատասխանատուութիւն կը համարուի:

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2026

Երէկ, Պատրիարքական Աթոռի աղբիւրները հաղորդեցին, որ ցաւալի դէպք մը պատահած է Սկիւտարի գերեզմանատան Սուրբ Կարապետ թաղամասէն ներս։

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2026

Հայազգի երիտասարդ գիտնականի մը փայլուն նուաճման ուղին Գերմանիոյ մէջ բժշկական ոլորտէն ներս:
Տքթ. Քամի Ալեքսանտր Փեքայվազ արժանացաւ 2026 թուականի Heinz Maier-Leibnitz պատուաբեր մրցանակին:

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2026

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Աշխարհի մէջ կան ցաւեր, որոնք կը ճչան եւ կան ցաւեր, որոնք լուռ կը մնան։ Կան զգացումներ, որոնք դիւրութեամբ կը վերածուին բառերու, բայց կան նաեւ յոյզեր, որոնք այնքան խորն են, այնքան խճճուած ու ծանր, որ լեզուն անզօր կը դառնայ զանոնք արտայայտելու։ 

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Աստուծոյ ճշմարտութիւնը Անոր իմաստութի՛ւնն է, որ կ՚իշխէ արարչագործութեան կարգ եւ կանոնին եւ աշխարհի կառավարումին վրայ։ Աստուած, որ առանձին ստեղծեց երկինքը եւ երկիրը։ Արդարեւ, Ի՛նք միայն կրնայ տալ ամէն արարածի ճշմարիտ ճանաչումը՝ Իրեն հետ անոր ունեցած առնչութեան գծով։

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Նուպար Կիւլպէնկեանի գիրքը կարդալով՝ շատ յստակ ձեւով կը նկատենք, որ ձանձրացած հօրը հսկողութենէն, կ՚ուզէ ինքնուրոյն ապրիլ, ինքնուրոյն որոշել, անոր բառերով. «Կան բաներ, որոնք մարդ կը նախընտրէ ինքնուրոյն կազմակերպել»։

Հինգշաբթի, Յուլիս 9, 2026

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

«Ճահիճ» բառը լսելուն պէս, մեր մտապատկերին մէջ անմիջապէս կը կազմաւորուի կանգնած ջուրի, տիղմի ու անշարժութեան պատկեր մը։ Այս տպաւորութիւններուն կ՚ընկերակցի հնութեան, նեխումի ու թանձր լճացման ծանր հոտի յիշողութիւնը։

Հինգշաբթի, Յուլիս 9, 2026

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այս տարի եւս 9 յուլիսը լուռ անցաւ…։ 
Ո՛չ զանգեր հնչեցին, ո՛չ յուշեր արթնցան, ո՛չ ալ ազգային մեր կեանքը կանգ առաւ մէկ վայրկեան՝ յիշելու համար այն մարդը, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրեց Հայ Եկեղեցւոյ, հայ մշակոյթին, հայ հոգեւոր միտքին եւ հայ ժողովուրդին։

Հինգշաբթի, Յուլիս 9, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Չկայ մէկը, որ իմանայ Անոր ճանապարհները, ոչ ոք, որ գիտակցի Անոր շաւիղները։ Բայց ան, որ գիտէ ամէն ինչ, ան կը ճանչնայ իմաստութիւնը, ան է որ իր իմաստութեամբ կը գտնէ զԱյն, Ան որ ստեղծեց երկիրը յաւիտենական ժամանակներու համար… 

Հինգշաբթի, Յուլիս 9, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ներկայ ժամանակներու տեսերիզի աշխարհը ամէն ձեւով կը փորձէ հանդիսատեսը համոզել մէկ իրականութեան. դրամն ու հարստութիւնը միշտ չէ՛, որ ուրախութիւն կը բերէ, հակառակ անոր, որ համացանցը ամէն գնով կը փորձէ փաստել հակառակը՝ նիւթական հարստութիւնը ներկայացնելու որպէս ուրախութիւն, անկախութիւն ու բարօրութիւն։ 

Հինգշաբթի, Յուլիս 9, 2026

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Վերջերս Պոլիս այցելեց սփիւռքահայ պատմաբան Վարագ Գեթսեմանեան, որու քաղաքէս ներս կեցութիւնը տեւեց շուրջ ամիս մը։ Ան ներկայիս կը դասաւանդէ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն ներս։ Վարագ Գեթսեմանեան քաղաքս փութացած էր՝ «Սապանճը» համալսարանի հրաւէրով։

Հինգշաբթի, Յուլիս 9, 2026

Երէկ երեկոյեան, Գնալըի բարձունքին տեղի ունեցաւ երաժշտութեան խանդավառ ձեռնարկ մը, որու պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան։

Հինգշաբթի, Յուլիս 9, 2026

ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ

Մէ՛կ է խորագիրը - Գրիգոր (1843-1920) եւ Կարապետ (1849-1934) Մելգոնեան անմահ բարերար եղբայրներու հիմնած մայր կրթարանի 100-ամեակի ոգեկոչումներու շղթայաշար՝ չորս օրերու վրայ երկարող, 25-28 յունիս 2026:

Հինգշաբթի, Յուլիս 9, 2026

Անգարայի գագաթաժողովի աւարտին ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութէ յայտարարեց. «ՆԱԹՕ հզօր է աւելի քան երբեք»:
Հաւաքական պաշտպանութիւն:
Եզրափակիչ յայտարարութեան մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ՝ Ռուսաստանի ներկայացուցած սպառնալիքին, Ուքրայնային աջակցութեան, Իրանի խնդրին եւ ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտի զարգացման: Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի կողմէ կարեւոր առաջարկներ:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 8, 2026

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան ատեանը երէկ վճիռ արձակեց՝ «Բարգաւաճ Հայաստան»ի կուսակցապետին դէմ:
Գագիկ Ծառուկեան կը մեղադրուի մեծ չափով խարդախութիւններով ու նոյնպէս մեծ չափով գումարներու լուացումով. կան նաեւ այլ ամբաստանեալներ:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 8, 2026

Երեւան կը ջանայ նոր ցանցեր ունենալ՝ Ծոցի երկիրներու, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի առանցքին վրայ:
Հայաստան կը ձգտի զանազանութիւն ապահովել իր արտադրանքի արտածման ուղղութիւններու պարագային՝ այլընտրանքային լոժիստիք կապերով:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 8, 2026

Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան, որ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Պէյրութ, երէկ, ընդունուեցաւ Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտագաղթեալներու գծով նախարար Եուսէֆ Ռաճիին կողմէ:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 8, 2026

Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Սուրիոյ մէջ։ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին մասնակցելու համար Անգարա գալէ առաջ, Մաքրոն շփումներ ունեցաւ Դամասկոսի մէջ։ 

Չորեքշաբթի, Յուլիս 8, 2026

Անգարայի մէջ կ՚ընթանայ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը, որ այսօրերուն միջազգային բեմահարթակի գլխաւոր իրադարձութեան վերածուած է։ Թուրքիոյ տանտիրութեամբ կազմակերպուած այս գագաթաժողովը բացառիկ նշանակութիւն ունի թէ՛ դաշինքի ապագային եւ թէ համաշխարհային անվտանգութեան հաւասարակշռութիւններու վերաձեւաւորման տեսակէտէ։

Էջեր