Արխիւ
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Արհեստական բանականութիւնը մեր ժամանակներու ամենաարագ զարգացող երեւոյթներէն մէկն է։ Ան արդէն մուտք գործած է մեր առօրեային՝ հեռաձայններէն մինչեւ աշխատանքային ծրագիրներ, բժշկութենէն մինչեւ կրթութիւն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ի՞նչ շահ բերաւ մեզ հպարտութիւնը եւ ի՞նչ նպաստ բերաւ մեզ հարստութեամբ պարծենալը», կը հարցնէ Սողոմոն. (ԻՄԱՍՏ. Ե 8)։ Կարելի չէ ուրանալ, թէ հարստութենէ աւելի աղքատութի՛ւնն է, որ կը խթանէ ճիգը՝ ինքզինքին ընդարձակումը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հանրային վայրի մը մէջ ենք. մեզմէ քիչ մը անդին սեղանի մը վրայ չորս երիտասարդ նստած անգլերէն լեզուով տարբեր նիւթերու մասին կը զրուցեն. պահ մը ինքզինքդ կը զգաս Լոնտոնի կամ Նիւ Եորքի փողոցներուն մէջ, սակայն, պահ մը ետք իրականութիւնը կու գայ յուշելով, որ տակաւին Երեւանի մէջ ենք։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Լոս Անճելըս Թայմզ» («Los Angeles Times») պարբերականը հրապարակած է ծաւալուն յօդուած մը՝ նուիրուած Լոս Անճելըսի հայկական հարուստ աւանդութիւններուն եւ հանդիսութիւններու իւրայատուկ մշակոյթին։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանական ընտրութիւններէն արդէն շուրջ մէկ ամիս անցած է: Ինչպէս նախքան ընտրութիւնները, այդպէս ալ ընտրութիւններէն ետք մարդիկ կը շարունակեն դժգոհիլ Հայաստանէն, կը շարունակեն դժգոհիլ իրենց հայրենիքէն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Լեզուն ալ կրակ է։ Անիրաւութեան աշխարհ մըն է անիկա։ Թէեւ պարզ մէկ անդամն է մարմինին, բայց ամբողջ մարդը կ՚ապականէ եւ գեհենի կրակով բռնկած՝ մեր ամբողջ կեանքը կրակով կը վառէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Եթէ ներկայ օրերուն հանդիպիք մարդու, որ կը պնդէ, թէ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունի ժողովրդավարութիւն եւ կամ արդարադատութիւն, ապա վստահ կրնաք ըլլալ, որ այդ անձը կա՛մ կառավարական պաշտօնեայ է եւ կամ անոնց սեղանէն փշրանք հաւաքող մարդ, որովհետեւ հայրենիքէն ներս ժողովրդավարութեան ու արդարութեան ձայնն ու աղաղակը կայ, սակայն, ինք չկայ:
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Մնացական Սաֆարեան վերջին օրերուն Խրուաթիոյ մէջ մասնակցութիւն բերաւ Տուպրովնիքի ֆորումին, որու շրջանակներէն ներս տեղի ունեցաւ «Ուժային կեդրոններու միջեւ. բազմավեքթէօր դիւանագիտութեան դասերը» խորագրեալ փանել մը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Ռուսական կառավարական աղբիւրները հաղորդեցին, որ շփումը տեղի ունեցած է հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ։
Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան ընդունեց Թուրքիոյ կաթոլիկ եպիսկոպոսներու խորհուրդի պատուիրակութիւնը:
İSO-ի կողմէ հրապարակուած է Թուրքիոյ արդիւնաբերութեան 500 մեծագոյն ընկերութիւններու ցուցակը:
«Nursan Kablo Donanımları San. Ve Tic. A.Ş.»ն տասնամեակներէ ի վեր կը պահէ իր դիրքը յաւակնորդներու շարքին, իսկ այս անգամ առաջին 200-ին մէջ է՝ կայուն նուաճումներով:
Համայնքային երախտաշատ բարերար եւ յայտնի գործարար Արէտ Երկանեան կ՚առանձնանայ իր բարձր վարքով:
Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէն այս առաւօտ ժամանեց Երեւան։ Ան այցելութեան մը ձեռնարկած է դէպի Հարաւային Կովկաս՝ ուղեկցութեամբ բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը, որու կազմին մէջ կը գտնուի Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման գծով կոմիսար Մարթա Քոս։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Հայաստանէն քաղաքս ժամանած խումբ մը ուխտաւորներ՝ գլխաւորութեամբ Տ. Շաւարշ քահանայ Սիմոնեանի: Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ հիւրընկալեց՝ 28 ուխտաւորէ բաղկացեալ այս խումբը, որու նկատմամբ ցուցաբերեց ջերմ վերաբերմունք:
Պաքըրգիւղի ընտանիքը վերջին օրերուն մեծ ոգեւորութիւն ապրեցաւ՝ թաղի Տատեան վարժարանի շրջանաւարտութեան հանդէսին առթիւ: 2025-2026 կրթական շրջանի աւարտին դպրոցը ունի քառասուն ընթացաւարտ:
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ շրջանաւարտութեան հանդէս, որ անցաւ տօնախմբութեան համազօր մթնոլորտով։ Ութերորդ դասարանի տղաքը դպրոցէն հրաժեշտ առին յուզումնախառն զգացումներով՝ իրենց հայեացքը ուղղած դէպի նոր հորիզոններ ու նուաճումներ
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը այս տարի ամրան դասընթացներ կը կազմակերպէ Գնալը կղզիին մէջ: Երէկ, եղանակի առաջին փորձը տեղի ունեցաւ՝ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս:
Անգարայի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Եւրոյանձնաժողովի բարձր մակարդակի պատուիրակութիւնը:
Թուրքիա եւ ԵՄ տարածաշրջանային կայունութիւնը կ՚արժեւորեն՝ յարափոփոխ աշխարհաքաղաքական պայմաններով:
Այսօր, Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանէսեան կը գտնուի Իսթանպուլի մէջ: Ան կը մասնակցի՝ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տարածաշրջանային մակարդակով կազմակերպուած համաժողովի մը, որու տանտէրն է Թուրքիան:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Յունիսի 25-28, 2026-ի օրերուն, Կիպրոսի տեղական եւ հայկական գաղութը ապրեցան զգացական ջերմ օրեր՝ յիշատակելով Մելգոնեան կրթական հաստատութեան 100-ամեակը
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Աշխարհը արդէն տեղեակ է, թէ այս տարի (2026), Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը դառնայ 250 տարեկան: Թուական մը, որ բոլորի մտքին առջեւ կը բանայ մտածումի նոր ակօսներ: