Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Չարամիտ հոգիներու յատուկ է հեգնանքը՝ որով անոնք կը փորձեն շուարեցնել միամիտները՝ արդարներու վաղահաս մահուան մատնացուցումով աստուածային նախախնամութեան մը գոյութեան հաւատքը խախտել կամ քանդել յաւակնելով։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Գիրքերուն մէջ կեանքը միշտ ալ իրականութենէն մասամբ մը եղած է տարբեր։ Անոնց մէջ սէրը եղած է այլ կերպ, ազգասիրութիւնը տարբեր մակարդակի, իսկ կեանքի դասերը յարաբերական ու ինչու չէ նաեւ շատ անգամ հարցական։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Պատմութիւնը երբեմն մեզի կը յիշեցնէ, թէ ամենասարսափելի զէնքերը միշտ ալ փամփուշտը կամ ռումբը չեն։ Ամենէն խոր վէրքերը շատ անգամ մարմնին վրայ չեն բացուիր, այլ՝ մարդկային մտքին մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սիրելի բարեկամներ, հետաքրքիր է վարդը՝ կարծես արիւնով ներկուած այս հրաշալի՜ ծաղիկը։ Ինչո՞ւ այսպէս «արիւնով» ներկուած է վարդը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Իմաստութիւնը կը հաւատայ, որ աշխարհի յառաջդիմած ժողովուրդները անոնք են, որոնք ո՛չ թէ թերութիւն չունին (նման երկիր իրական գետնի վրայ գտնել հնարաւոր չէ), այլ անոնք են, որոնք քաջութիւնը ունին տեսնելու, խօսելու, բարձրաձայնելու։
Խոր ցաւով կը գուժենք մահը մեր համայնքի երէց սերունդի՝ համատարած յարգանքի եւ համակրանքի արժանացած տիրական դէմքերէն՝
ՏԻԿԻՆ
ՄԱԹԻԼՏ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆԻ
Ռումելիհիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին տեղի ունեցան տարեկան անուան տօնախմբութեան աւանդական արարողութիւնները, որոնք համախմբեցին համայնքային շրջանակներու ներկայացուցիչներ եւ զանազան թաղերէ փութացած ուխտաւորներ։
Երեւանի մէջ, քաղաքապետարանի աջակցութեամբ, Զաքեան փողոցը՝ համտեսի, երաժշտութեան հարթակ:
Մայրաքաղաքի սրտին վրայ ամրան շրջանին կը տիրէ անբացատրելի խանդավառութիւն՝ համախմբելով հոծ բազմութիւններ:
Փարիզի եւ Պերլինի միջեւ 26-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ նախարարաց խորհուրդի համատեղ ժողով:
Ֆրանսա եւ Գերմանիա զարկ կու տան պաշտպանութեան ոլորտէ ներս համագործակցութեան՝ Չինաստանի դէմ ստեղծելով ճակատ մը: Մաքրոն եւ Մերց կոչ ուղղեցին, որպէսզի Իրան վերադառնայ Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններու:
Երէկ, Երեւանի մէջ եզրափակուեցաւ «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժանկարի փառատօնը, որ շուրջ շաբաթ մը մագնիսացուցած էր գեղարուեստական շրջանակներու ուշադրութիւնը։ 27-րդ անգամ կազմակերպուած փառատօնը երէկ շարժանկարի սիրահարներուն հրաժեշտ տուաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։
Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ վերջին օրերուն հիւրընկալեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսը: Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Շանկհայի մէջ, ուր կազմակերպուած էր Արհեստական բանականութեան համաշխարհային համաժողովը:
Համաշխարհային ֆութպոլի առաջնութիւնը եզրափակուեցաւ. մեծ մրցակցութիւն, վառ յիշողութիւն:
Նիւ Եորքի մէջ Արժանթինը պարտութեան մատնած ախոյեաններուն բաժակը յանձնեց ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ:
Երէկ, Լիբանանի նախագահ Ժոզէֆ Աուն Ուաշինկթընի մէջ ընդունուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյի կողմէ։
Երէկ, Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այցելեց Տոհա, ուր օրուան տեւողութեան հանդիպումներ ունեցաւ՝ Քաթարի էմիր շէյխ Թամիմ պին Համիտ էլ-Սանիի եւ վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար շէյխ Մուհամմէտ պին Ապտուրրահման էլ-Սանիի հետ:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
-Ո՞ր մէկ «օթոն» կ՚ուզես, ըսաւ տղաս:
Շատ չի պատահիր, որ խաղ մը խաղացած պահուն տղուս մօտիկ նստիմ. այս անգամ մտադրեցի եւ ըրի:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանը յաճախ կը բնորոշուի որպէս «թանգարան բաց երկինքի տակ»։ Այս բնորոշումը պատահական չէ. երկրի տարածքին սփռուած հազարաւոր եկեղեցիներն ու վանական համալիրները կը ստեղծեն իւրօրինակ ճարտարապետական թանգարան։ Անոնք հայ ժողովուրդի պատմական յիշողութեան, քրիստոնէական ինքնութեան եւ մշակութային շարունակականութեան կենդանի վկաներն են։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հռոմի մէջ կազմակերպուած Թել Աւիւ-Պէյրութ վերջին բանակցութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտը թէեւ բազում հարցականներ կը պարունակէ, սակայն, առաջին անգամ կայ գործնականութեան ազդանշան մը: Ուաշինկթընն ալ ունի իր հաշիւները:
Լիբանան ինքնիշխանութեան, իսկ Իսրայէլ անվտանգութեան առաջնահերթութիւններով կ՚ընթանան: ԱՄՆ կը ջանայ միջին եզր մը գտնել առկայ հակադիր կեցուածքներուն միջեւ: Աուն պիտի հիւրընկալուի Սպիտակ տան երդիքին տակ:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան փութաց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Զաւէն աւ. քահանայ Պչաքճեանի այցելութեան՝ հաշուի առնելով, որ վերջին օրերուն ան անցած էր վիրահատութենէ մը:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան այցելեց Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ գործնական խաղաղութիւն գոյութիւն ունի։